Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորած Է Փաշինեանի Առաջնորդած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութեան Յաղթանակը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորած Է Փաշինեանի Առաջնորդած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութեան Յաղթանակը

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի միջեւ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց:

Ըստ վարչապետի պաշտօնակատարի գրասենեակին՝ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի կապակցութեամբ:

Նախագահը Հայաստանի ապագայ կառավարութեան մաղթած է յաջողութիւններ՝ ի նպաստ Հայաստանի հետագայ զարգացման, առաջընթացի, ժողովուրդի բարեկեցութեան ու պետութեան անվտանգութեան ապահովման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment