Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելըսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հնչակեան Քսան Մարտիրոսներու 106-Ամեակի Ոգեկոչումը

Լոս Անճելըսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հնչակեան Քսան Մարտիրոսներու 106-Ամեակի Ոգեկոչումը

by MassisPost

1915 Յունիս 15-ին Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացած Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան քսան ղեկավարներու նահատակութեան 106-րդ տարելիցը պատշաճ շուքով նշուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ:

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի վարիչ Մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, Հինգշաբթի, 17 Յունիս, 2021, Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի սրահին մէջ:

123_1 (1)

Նկատի ունենալով քորոնա ժահրի համաճարակի սամնափակումները՝ ընտրանի հասարակութիւն մը մասնակցեցաւ սոյն միջոցառումին: Ներկաներուն մէջ էին ԱՄՆ-ի Արեմւտեան թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Սան Տիեկոյի նախկին հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. եւ երէցկին Արաքսի Թաթուլեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ Էկտար Գրիգորեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Վարիչ Մարմնի անդամներ, տարբեր կառոյցներու եւ քոյր կազմակերպութեանց, մամուլի ներկայացուցիչներ ու ՍԴՀԿ-ի անդամներ եւ համակիրներ:

ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետքª ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, յարգեցին յիշատակը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի բիւրաւոր նահատակներուն, ինչպէս նաեւ արցախեան 44 օրուան պատերազմին իրենց կեանքը զոհաբերող քաջամարտիկներուն:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունելէ ետք, օրուան հանդիսավար Ծովիկ Քէօրօղլեան բացման խօսքին մէջ նշեց. «…Փարամազ եւ ընկերները կանխատեսելով հայ ժողովուրդին սպառնացող տխուր ճակատագիրը անոր առաջքն առնելու համար ծրագրեցին Իթթիհատի պարագլուխները չէզոքացնել: Սակայն աւա՜ղ, դաւաճանութեան պատճառով անոնք մահուան դատապարտուեցան եւ «Կեցցէ Հայաստան» գոռալով կախաղան բարձրացան:

ՍԴՀԿ «Կայծ»- Երիտասարդաց Միութեան կողմէ Ալիսըն Ղաֆարի եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ¤ՀԱԽ¥ անունով Հէրի Եունել իրենց ուղերձներուն մէջ դրուատեցին մեր հերոսներու գաղափարն ու հաւատամքը ազատ ու անկախ հայրենիքի անսասանութեան« խաղաղութեան ու բարգաւաճման ի խնդիր:

123_1-b

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան£ Ան համապարփակ կերպով անդրադարձաւ 1894-1915ի շրջանին տեղի ունեցած հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի տարբեր հանգրուաններուն եւ Հնչակեան կուսակցութեան բերած գործօն մասնակցութեան: Ան իր ելոյթին մէջ ծանրացաւ արցախեան 44 օրուան պատերազմի ընթացքին մեր ժողովուրդի կրած պարտութեան պատճառներու մասին« որուն ոչ միայն զոհ գացին հազարաւոր երիտասարդներ, այլ նաեւ ի յայտ եկաւ Հայ քաղաքական մտքի ձախողումը, որ երկար տարիներ անտեսեց թշնամիին ու բոլորս վազեցինք անիրականանալի թեզերու ետեւէն: «Դժբախտաբար, պատերազմը պատռեց այն շղարշը որ պատրանք մը ստեղծած էր: Մեր վախն Ատրպէյճանէն էր բայց այդ տեղի չունեցաւ…: Այն ձգտումը որ ունէինք փոխակերպուեցան բանակցութեանց սեղանին, ատիկա Արցախի անվտանգութեան հարցն էր: Հայրենի իշխանութիւնները ժողովուրդին համոզեցին որ այդ հողերը մերն են: Սակայն ժողովուրդը իրազեկ չեղաւ բանակցութեանց իսկական գործընթացէն: Սեպտեմբեր 27ին դաժան իրականութիւնը բացուեցաւ… եւ այդ սուտը մնաց մեր քաջարի երիտասարդներու ուսերուն վրայ…: Պետական գանձը կողոպտեցին եւ իրենց դղեակները կառուցեցին…: Մենք ապրեցանք երազի ու պատրանքի մէջ»:

Ընկ. Հ. Սարաֆեան ի մէջ այլոց ըսաւ նաեւ «Մենք դժբախտաբար չկրցանք սորվիլ մեր սխալներէն£ Չափէն աւելի կ՛ապաւինինք արտաքին աշխարհին եւ այդ հոգեբանութիւնը՝ կիրարկուած է մեր քաղաքականութեան մէջ: Ունինք ներկայիս նոր իրավիճակ՝ որ է գերիներ եւ անաւարտ պատերազմը: Մեր պարտականութիւնն է արդարօրէն ընդունիլ իրականութիւնը: … Հայրենիքը՝ իրականութիւն է եւ պետութիւն է: Ընկերային արդարութիւնը եւ կաշառքի ոչնչացման գաղափարները որ քսաններն ունէին անոնք այսօր ալ կան եւ այդ գաղափարներով պիտի ընթանան նորերը:

Յարգելի բանախօսն իր ելոյթի աւարտին շեշտեց. «Մեր մաղթանքն է որ Հայաստանի մէջ տեղի չունենան յետ-ընտրական ընդվզումներ: Շատ կարեւոր է հանդուրժողութիւնն ու միասնութիւնը: Երկիրը երբ վտանգի տակ է« իրապաշտ կերպով պէտք է շարժինք: Մենք կը շարունակենք մնալ մեր հայրենիքի կողքին, Հայրենիքի ապագան իր ժողովրդավար իրաւական վիճակի մէջ ըլլան է: Քսանները մեզի պատգամեցին անսակարկ նուիրուիլ մեր հայրենիքին: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք օգտակար դառնալու մեր հայրենիքին»:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Ասմունքով հանդէս եկան Սերա Այնթապլեան (Գառնիկ Ադդարեանի) «Քսանները», Անի Մարսէլեան (Արաքսի Գօփուշեան-Թաթուլեանի) «Երազանքը», իսկ հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով երեկոյթը խանդավառեց շնորհալի երգիչ Արնօ Մկրտիչեան երգեհոնահարութեամբ Յարութ Չիրօղլեանի:

123_5

Աւարտին խօսք առաւ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին ներկաներուն հետ բաժնեց «Ս. Էջմիածին» ամսագրին հետեւեալ պատումը:

«1915 թուական: Հայ ժողովրդի պատմութեան ամէնից արհաւրալից եւ աղէտաբեր տարին: Մահասարսուռ խուճապի մէջ էր ողջ արեւմտահայութիւնը: Բայց վերահաս վտանգը չսասանեց հայի ապրելու կամքը եւ սեփական գոյութեան նկատմամբ հաւատը: Նա անդիմադիր զոհ չդարձաւ միայն, այլ նաեւ սեփական արժանապատուութիւնը պաշտպանող մարդիկ՝ երբեմն անհաւասար մարտերում գտնելու իր «իմացեալ մահը»:

Այդպիսի ըմբոստ ոգիներ էին նաեւ այն քսան մահապարտները, որոնց դէպի կառափնարան տարաւ օսմանեան Բարձր Դուռը:

Ահա Հայրենիքի ազատութեան սրբազան գաղափարի համար նահատակուած այդ մարտիրոսների հետ է կապուած պատմական այս մասունքը՝ արծաթեայ փոքրիկ ձեռաց սուրբ խաչը: Այն պատկանում էր Կ. Պոլսի Մայր եկեղեցու ծիսակատար հանգուցեալ Տ. Գալուստ քահանայ Պօղոսեանին:

20-gallows-crossԱյդ օրը թուրք ոստիկանը նրան տարաւ զինուորական ատեան: Կէսգիշերին դուռը ճռնչաց մահագոյժ: Ոստիկանը Տէր Հօրը հրամայեց հետեւել իրեն: Յայտնուեցին մի մութ բանտախցում: Այս ու այն կողմ նստած ու կանգնած էին 20 երիտասարդներ՝ խրոխտ կեցուածքով եւ արծուային հայեացքով: Տէր Հայրը սկսում էր հասկանալ: Պէտք էր վերջին հաղորդութիւնը տալ մահապարտներին: Բայց… նա սրբատուփ չունէր: Ինչպէ՞ս հաղորդութիւն տալ գաղափարի այս նուիրեալներին, որպէսզի խաղաղ հոգով իրենց ժողովրդի եւ Մայր Եկեղեցու հետ միասնութեան մէջ նահատակուեն: Մարգարէացաւ Տէր Գալուստը. հանեց ձեռաց սուրբ խաչը, օրհնեց սենեակի մի անկիւնում դրուած ջուրը, ինքնամոռաց աղօթքով ջուրը փոխակերպեց սուրբ հաղորդութեան եւ բաշխեց իր ժողովրդի անվեհեր զաւակներին՝ իբրեւ մարմին եւ արիւն Քրիստոսի: «Յաւիտենական յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»:

Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան երեք գլխաւոր մտածումներով ոգեկոչեց քսաններու յիշատակը. «Հնչակեան Քսան կախաղաններու նահատակութիւնը կոչն է յանուն արդարութեան, եղբայրասիրութեան ու անվերապահ յարգանքի, խոնարհումի՝ հայրենիքի ու խորանի առջեւ»:

«Հնչակեան քսան կախաղաններու նահատակութիւնը մշտնջենական Յարութեան պատգամ է», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը: «Աւելի քան բոլոր ժամանակները, այսօր ի մասնաւորի անոնց նահատակութիւնը զգաստութեան հրաւէր է յանուն հայրենիքի անսասանութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment