Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շնորհաւորական Ուղերձ Աժ Արտահերթ Ընտրութիւններուն Առիթով

Շնորհաւորական Ուղերձ Աժ Արտահերթ Ընտրութիւններուն Առիթով

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, յաջորդական` արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններուն առիթով:

Ներքաղաքական գերշիկացած մթնոլորտի մէջ` հեզասահ ու անցնցում ընտրութիւններու կայացումը մեր ժողովուրդին համար մեծագոյն յաղթանակ է: Միաժամանակ, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման կարեւորագոյն ձեռքբերում է նաեւ այն իրողութիւնը, որ ամբողջ հանրապետութեան տարածքին տեղի ունեցաւ, թէկուզ թերի, բայց բուռն եւ իրական նախընտրական քարոզարշաւ, վաստակելու համար Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի քուէն:

Այս առթիւ, կը շնորհաւորենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր քաղաքական խումբին` ընտրութիւններուն իրենց արձանագրած տպաւորիչ յաղթանակին կապակցութեամբ եւ համոզուած ենք, որ վարչապետին տալով նորոգուած մանտաթ, ընտրողը յստակ պատգամ կ’ուղարկէ առ այն, որ մեր ռազմագերիներու տուն դարձի, ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրս բերման, Արցախի խնդիրի մշտական եւ արդար լուծման, Հայաստանի հանրապետութեան անվտանգութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման կողքին, ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը կը մնան առաջնահերթութիւն եւ 2018 թուականին սկսած գործը պէտք է հասցնել աւարտին:

Միւս կողմէ, անընդունելի եւ դատապարտելի կը գտնենք որոշ քաղաքական գործիչներու եւ կարգ մը հոգեւորականներու կողմէ ընտրողներու հասցէին հնչող վիրաւորական արտայայտութիւններն ու պիտակաւորումները, որոնք միայն կը խորացնեն հասարակութեան բեւեռացումը, երբ այսօր միակ հրամայականը ներքին լարուածութեան լիցքաթափումը պէտք է ըլլայ: Այդ տեսանկիւնէն, կ’ողջունենք վարչապետի` համախմբման ու երկխօսութեան կոչը եւ յոյս կը յայտնենք, որ այդ կ’ըլլայ առաջին քայլըª համերաշխութեան վերականգնման եւ միասնական ջանքերով հայրենիքի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման:

Ս.Դ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
23 Յունիս, 2021

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment