Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Առաջարկեց` «Գողցուածը Վերադարձնել» Եւ «Վերջ Տալ Հայհոյախօսութեան»

Նիկոլ Փաշինեան Առաջարկեց` «Գողցուածը Վերադարձնել» Եւ «Վերջ Տալ Հայհոյախօսութեան»

by MassisPost

«Ժողովուրդը ընտրութիւններով ցոյց տուեց, որ իր դէմ խաղ չկայ», այսօր՝ Յունիս 21-ի երեկոյեան հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանը: Անոր առաջնորդած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներու մեծամասնութիւնը՝ 53.92 տոկոս եւ կրնայ միայնակ ձեւաւորել կառավարութիւն։

«Այսօրուայ հանրահաւաքով մենք ամփոփում ենք նախընտրական քարոզարշաւը, ընտրութիւնները, եւ յոյս ունեմ, որ մենք փաստացի այսօր կ’արձանագրենք, որ Նոյեմբերի 9-ին Հայաստանում արձանագրուած ներքաղաքական ճգնաժամը յաղթահարուած է, եւ մենք վաղուանից վերադառնում ենք լիարժէք աշխատանքի, բայց պայմանները եւ միջավայրն այսօր էականօրէն փոխուած են, որովհետեւ ՀՀ-ն մեր կառավարութեանը, քաղաքական այս խումբին տուել է մանտաթ` երկրում հաստատելու օրէնքի եւ իրաւունքի դիկտատուրա, ժողովուրդն իրականացրել է պողպատէ յեղափոխութիւն», – ըսաւ Փաշինեան:

Ան համաձայնելով, դիտորդներու դիտարկումներուն հետ, որ այս քարոզարշաւի ընթացքին օգտագործուած է յարձակողական հռետորաբանութիւն, դիմեց քաղաքական եւ հանրային գործընթացի բոլոր մասնակիցներուն. «Հայաստանի ժողովուրդը կայացրել է իր որոշումը, ստեղծել է նոր քաղաքական իրադրութիւն եւ նոր քաղաքական իրավիճակ, եւ այդ իրավիճակի առաջին կէտն ու հանգրուանը հետեւեալն է` ես առաջարկում եմ բոլոր քաղաքական ուժերին, հանրային մասնակիցներին` սկսել մի պարզ կէտից, վերջ դնել հայհոյախօսութեանը: Կոչ եմ անում մեր բոլոր կողմնակիցներին` վերջ դնել հայհոյախօսութեանը, անհարկի յարձակողականութեանը, անհարկի թշնամանքին, որովհետեւ մենք լրջագոյն մարտահրաւէրների առաջ ենք, եւ մենք պէտք է մեր պետականութեան կառուցման այս նոր եւ հրաշալի էջը բացենք»:

Միեւնոյն ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ այս չի նշանակեր, որ իրենք պիտի խուսափին ժողովուրդի առաջ ստանձնած որեւէ պարտաւորութենէ. «Հայաստանում լինելու է կարգ ու կանոն եւ պատասխանատւութեան անխուսափելիութիւն»:

Մէկ այլ առաջարկ ալ ունէր վարչապետի պաշտօնակատարը. «Կոչ եմ անում սկսել բանակցութիւններ գողացուածը վերադաձնելու վերաբերեալ, որը կը ծառայի ՀՀ ընկերային-տնտեսական օրակարգի սպասարկմանը»:

Վաղուընէ Նիկոլ Փաշինեան պիտի սկսի քաղաքական բանակցութիւններ այն ուժերուն հետ, որոնք պատրաստ են համագործակցութեան: Ապա հոգեւոր երկխօսութեան կոչ ըրաւ հոգեւոր առաջնորդներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment