Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժողովրդավարութիւն Թէ՞ Մենատիրութիւն

Ժողովրդավարութիւն Թէ՞ Մենատիրութիւն

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Մեր այս խորհրդածութիւնները կարելի էր նաեւ խորագրել «Գաղափարամարտ թէ՞ Մենամարտ», մեկնելով Ռոպերթ Քոչարեանի այն առաջարկէն, որ փոխան բանավէճի, մենամարտի կը հրաւիրէր Նիկոլ Փաշինեանին: Այս առաջարկին ընդմէջէն ի յայտ կու գայ 30-ամեայ անկախ Հայաստանի պետականութեան անկայունութիւնն ու խոցելիութիւնը, ուր փոխանակ ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներուն կիրառումով մեր հարցերը լուծելու, կը գերադասուի մենատիրական քմահաճ մօտեցումը: Մեր համոզումով՝ առաջինին պարագային միայն կարելի կ’ըլլայ լաւագոյնս արժեւորել մեր համազգային ներուժը, մինչ երկրորդի պարագային կախեալ կ’ըլլանք մենատէրերու եւ անհատ օլիկարխներու քմահաճոյքէն: Առաջինը կը նպաստէ պետական հիմնարկներու ամրակայման, մինչ երկրորդը կը խախտէ անոնց հիմքերը: Առաջինը կը նպաստէ պետականութեան երկարաժամկէտ շահերու ամրապնդման, մինչ երկրորդը կը նպաստէ անհատներու անմիջական շահերուն, որոնք կրնան հարիր չըլլալ երկրի շահերուն: Հոսկէ մեկնելով յստակ կը դառնայ, որ անոնք որոնք դէմ են հրապարակային բանավէճերու եւ քննարկումներու կայացման, դէմ են երկրէն ներս ժողովրդավարութեան զարգացման:

Աշխարհի պատմութիւնը լիքն է պետութիւններու օրինակներով, մեծ թէ փոքր, որոնք չարաչար տուժած են մենատիրական իշխանութիւններէն, որովհետեւ ժողովուրդի լայն խաւերը հեռու մնացած են երկրի ընդհանրական շահերուն նպաստելու գործընթացէն: Երբ առիթը ներկայացած է իրենց, բերելու իրենց ներդրումը, ընդօրինակելով մենաշնորհեալ դասակարգի վարքը, իրենք ալ աւելի հակամէտ եղած են կողոպուտի, քան՝ կառուցումի: Փաստացի տուեալ է, որ երբ որեւէ երկրի քաղաքացիներ կ’առաջնորդուին միայն իրենց անհատական անմիջական շահերով, այդ երկիրը դատապարտուած կ’ըլլայ փլուզման: Արդի պատմութեան մեծագոյն օրինակներէն մին Սովետական Միութեան փլուզումն էր: Բայց դժբախտաբար տակաւին կան ղեկավարներ, որոնք չհասկնալ ձեւանալով այս իրողութիւնը, կը յամարին ընթանալ նոյն ճամբով: Եւ ինքզինք Հայաստանի «միակ տղամարդը» համարող Ռոպերթ Քոչարեանը ասոնց լաւագոյն օրինակն է: Արագ ակնարկ մը իր իշխանութեան տասը տարիներուն վրայ բաւարար է տեսնելու համար այն ահաւոր վնասը, որ ան հասցուց մեր պետականութեան, սկսած սահմանադրական խախտումներէն ու ընտրակեղծիքներէն, անցնելով երկրի ռազմավարական արժէք ներկայացնող հիմնարկներուն օտարին յատկացումով, երկրի հարստութեան յափշտակմամբ՝ իր եւ իր շրջապատի հարստացումով, հասնելու համար իր ընդիմախօսներուն տէռօրին՝ Հոկտեմբեր 27 եւ Մարտ 1: Մեզի համար զարմանալին այն է, որ տակաւին կան մարդիկ, որոնք թիկունք կը կանգնին իրեն, անտեսելով այս իրականութիւնները: Մեր կարծիքով, Ռոպերթ Քոչարեան կը փորձէ իր կողոպտածին մէկ մասը ծախսելով մտնել Խորհրդարան, պարզապէս ապահովելու համար տարիներու իր կողոպուտը: Որովհետեւ ան շատ լաւ կը գիտակցի, որ օրէնքի գերկայութեամբ առաջնորդուող ժողովրդավար Հայաստանի մէջ ինք ենթակայ պիտի դառնայ դատապարտման, ազատազրկման եւ իր կողոպտած հարստութեան պետական գանձ վերադարձին: Հետեւաբար, իր մուտքը խորհրդրան աւելի խոցելի պիտի դարձնէ մեր պետականութիւնը:

Անոնք որոնք մեր կրած պարտութեան պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կը վերագրեն Նիկոլ Փաշինեանին ու Թաւշեայ յեղափոխութեան, պարզապէս կը խեղաթիւրէն իրականութիւնները եւ արգելք կ’ըլլան ժողովրդավար պետութեան մը կայացման գործընթացին, որ անհրաժեշտութիւն է, եթէ պիտի գոյատեւէ մեր պետականութիւնը: Անոնք որոնք կը ծածկեն իրականութիւնները եւ չեն նպաստեր մեր պարտութեան իսկական պատճառներուն բացայայտման, կը նշանակէ, որ անոնք նախանձախնդիր չեն Հայաստանի հզօրացման այլ միայն իրենց անձնական շահերու հետապնդման: Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ իրենց համախոհները չեն կրնար նպաստել Հայաստանի ժողովրդավարացման եւ հետեւաբար միայն կրնան վնասել այդ գործընթացին, ինչպէս կը վկայէ իրենց իշխանութեան քսանամեակը: Բոլորս պէտք է գիտակցինք այս իրականութեան եւ ըստ այնմ թիկունք կանգնինք այն ուժերուն, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի ժողովրդավարացման:

Դժբախտաբար, երբ կը նայինք ընտրութիւններուն մասնակցութեան գրանցում ստացած 22 կուսակցութիւններուն եւ 4 դաշինքներուն վրայ, չենք յուսադրուիր դրական ելքով: Ըստ վերջին հարցախոյզերուն, 26-ին հազիւ 10-ն կրնան հատել քուէարկողներու 1 տոկոսի  սահմանը եւ ասոնցմէ միայն 2-ը կրնան հատել 5 տոկոսի սահմանը: 26-ին 10-ն ազգայնական համարում ունին, 6-ը շեշտուած ռուսամէտ են, 7-ը շեշտուած արեւմտամէտ: Աւելի քան 10-ն կեդրոնի կուսակցութիւն կը համարուին, մինչ 5-ը աջակողմեան են, իսկ 2-ը ձախակողմեան: Այս բոլորէն մէկ բան յստակ կը դառնայ՝ անձնական միտումներու եւ շահերու վերադասութիւնը, ի հեճուկս գաղափարի շուրջ համախմբուածութեան եւ ազգային շահին: Եթէ այս 26-ն իսկապէս հետամուտ ըլլային մեր ազգային շահերու հետապնդման, ապա պիտի համախմբուէին գաղափարներու հիման վրայ եւ պայքարը պիտի ընթանար առաւելագոյնը 3-4 հիմնական կուսակցութիւններու միջեւ:

Այս իրավիճակին վրայ պէտք չէ զարմանալ, նկատի առած, որ հայը աւելի եսասէր է, քան՝ ազգասէր: Եւ այս է մեր շատ մը դժբախտութեանց աղբիւրը: Երեւութապէս ազգասէր ենք, բայց իրականութեան մէջ  եսասէր: Ամէն մէկ հայ ինքզինք կը նկատէ իր հայրենակիցէն աւելի ազգասէր եւ պատրաստ է համայն հայութեան անունէն խօսելու, կշտամբելու եւ հաշիւ պահանջելու հայրենակիցէն որեւէ խօսքի կամ արարքի կապակցութեամբ, հոգ չէ թէ ինք ալ նոյնանման խօսք կամ արարք ընողն է: Գերանի եւ շիւղի առակը անընդհատ կը կրկնուի: Ու կլանուած ըլլալով մանրամասնութիւններով, կամայ թէ ակամայ, մեծ պատկերը կը վրիպի մեր տեսողութիւնէն: Չե՞նք գիտակցիր, որ ինքնախաբէութիւն է այս վարքը, որ որքան փորձենք ծածկել պոռոտախօսութեամբ, այնքան աւելի կը խրինք տիղմի մէջ:

Զարմանալին մեր յարատեւումն է պատմութեան թատերաբեմին վրայ, հակառակ այս կործանիչ մտայնութեան: Շատ հաւանաբար այդ կը պարտինք «ելք ու ճար» չմնացած ժամանակներուն «խենթ»երու գտած հնարին: Բայց ինչո՞ւ սպասել եւ ապաւինիլ «խենթ»երու գալուստին, երբ կարելի է ժողովրդային լարումով խուսափիլ «ելք ու ճար» չմնալու վիճակին մէջ իյնալէ: Այդ ժողովրդային լարումը կը ստացուի միայն ժողովրդավար հասարակարգերու մէջ եւ ոչ թէ մենատիրական: Անոնք որոնք կը կարծեն, որ մեր փրկութեան համար «մեզի Սթալին մը պէտք է», անոնք չարաչար կը սխալին: Այդպէս մտածողներ կը մոռնա՞ն այն հանճարներն ու տաղանդները, որոնք զոհ գացին սթալինեան բռնապետութեան: Բռնապետը իրեն հլու հնազանդ ստրուկներ կ’ուզէ եւ ոչ թէ իր հետ բանավիճողներ եւ տարբեր կարծիքներ արտայայտողներ: Մեր փրկութիւնը կու գայ երբ իրապէս կը գիտակցինք, կ’ըմբռնենք եւ կը գործադրենք սթալինեան բռնապետութեան զոհերէն՝ Չարենցի «հաւաքական ուժ»ի պատգամը, որ կ’իրագործուի ժողովրդավար հասարակարգի մէջ եւ ոչ թէ մենատիրական:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment