Հայաստանի ու Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարները այսօր՝ Մայիս 28-ին Մոսկուայի մէջ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրագործուող խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքը եւ Հայաստանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը, յայտնած է հայկական կողմը:
Վաղարշակ Յարութիւնեան Սերկէյ Շոյկուին ներկայացուցած է Հայաստանի տարածք ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներու ներթափանցման մանրամասնութիւնները եւ ՀՀ զինուած ուժերու կողմէ ձեռնարկուող գործողութիւնները։ ՊՆ-ի հաղորդմամբ` Վաղարշակ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ «սահմանի ճշգրտման» կեղծ հիմնաւորմամբ կատարուած ատրպէյճանական սադրանքները բացարձակապէս անընդունելի են, եւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները պէտք է անյապաղ լքեն Հայաստանի տարածքը։
Նշուած է նաեւ, որ կողմերը դիտարկած են իրավիճակի հանգուցալուծման հնարաւոր տարբերակները եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած անհրաժեշտ քայլերու վերաբերեալ։
Նշենք, որ հանդիպման ընթացքին, լրագրողներու համար բաց հատուածին, որեւէ անդրադարձ չէ եղած հայ-ատրպէյճանական սահմանի վերջին լարուածութեան, որու հետեւանքով հայկական բանակի մէկ զինծառայող զոհուած է, նաեւ 6-ը՝ գերեվարուած։ Շոյկուն միայն նշած է, թէ յաջողութեամբ կ’իրագործուին Ռուսաստանի ու Հայաստանի Զինուած ուժերու միացեալ խմբաւորումներ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Հաւաքական անվտանգութեան համատեղ հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգեր ստեղծելու համաձայնագիրները։