Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Յանձնաժողովը Որեւէ Կապ Պիտի Չունենայ Արցախի Սահմաններու եւ Կարգավիճակի Հետ․ Արցախի Հակամարտութիւնը Լուծուած Չէ»․ Ռուբէն Ռուբինեան

«Յանձնաժողովը Որեւէ Կապ Պիտի Չունենայ Արցախի Սահմաններու եւ Կարգավիճակի Հետ․ Արցախի Հակամարտութիւնը Լուծուած Չէ»․ Ռուբէն Ռուբինեան

by MassisPost

ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ԱԺ-ի պատգամաւոր՝ Ռուբէն Ռուբինեան նշեց, որ կը քննարկուի այն փաստաթուղթը, որ նախօրէին տարածուած էր ընկերային ցանցերով եւ որեւէ այլ փաստաթուղթ եւ գաղտնի յաւելուած չկայ։ Ատիկա աշխատանքային փաստաթուղթ է, որու մեջ որեւէ խօսք չկայ որեւէ տարածքի զիջման վերաբերեալ։ Ռուբինեան նշեց, որ Մայիս 12-ին, ատրպէյճանցիներու կողմէ ՀՀ ճանաչուած տարածքներ մուտք գործելէն յետոյ Ռուսաստան առաջարկած է ստեղծել յանձնաժողով՝ սահմանագծում եւ սահմանազատում ընելու մասին։

«Ուշադրութիւն եմ հրաւիրում այն փաստի վրայ, որ առաջարկւում է ստեղծել յանձնաժողով այդ աշխատանքները անելու մասին, ոչ թէ հիմա, կամ վաղը կամ մէկ ամսից կատարել սահմանագծում եւ սահմանազատում, այլ ստեղծել նման յանձնաժողով։ Ուզում եմ յիշեցնել, որ, օրինակ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ կայ այդպիսի երկկողմ յանձնաժողով, որը 20 տարուց աւել գործում է եւ սահմանի մի մասը սահմանազատուած է, իսկ մի մասը սահմանազատուած չէ, եւ մենք ի պատասխան այս առաջարկի կրկին մեր յստակ դիրքորոշումն ենք արտայայտել առ այն, որ սա կարող է տեղի ունենալ միայն ատրպէյճանական զօրամիաւորումների՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքից դուրս գալուց եւ ելման դիրքեր վերադառնալուց յետոյ», – ըսաւ Ռուբինեան։

Ռուբինեան նշեց, որ եթէ Յանձնաժողովը ստեղծուի, ապա խօսքը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանագծում եւ սահմանազատում ընելու մասին, այլ ոչ՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմաններու մասին։ «Այսինքն այս յանձնաժողովը որեւէ կապ չի ունենալու Արցախի սահմանների եւ կարգավիճակի հետ։ Արցախի հակամարտութիւնը լուծուած չէ, Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը խաղաղութեան պայմանգիր չէ, որեւէ յղում չի եղել Արցախի այս կամ այլ կարգավիճակին եւ Մինսքի խմբի համանախագահ բոլոր երկրները հաստատած  են իրենց դիրքորոշումն առ այն, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը մնում է բաց», – ըսաւ Ռուբէն Ռուբինեան։

Անդրադառնալով տարածքներու հնարաւոր փոխանակման Ռուբինեան նշեց, որ  հնարաւոր են տարբեր իրավիճակներ, բայց այդ շատ երկար գործընթաց է։ «Ոչ ոքի համար գաղտնիք չէ, որ Խորհրդային Հայաստանը ունեցել է տարածք Ատրպէյճանում եւ՝ հակառակը։ Այս հարցերը կարող են դառնալ քննարկման թեմա, կարող են՝ չդառնալ, կարող են ստանալ այս լուծումը կամ այն լուծումը, բայց այստեղ ի՞նչն է կարեւոր տարբերակել՝ պէտք չէ ստանալ տպաւորութիւն, որ եթէ մեր պայմանները բաւարարուեն եւ այդ Յանձնաժողովը ստեղծուի, ապա դա նշանակելու է, որ հիմա տեղի է ունենալու սահմանագծում եւ սահմանազատում։ Ո՛չ, դա ընդամէնը նշանակելու է, որ տեղի ունեցաւ յանձնաժողովի ստեղծում եւ վերջ», – նշեց Ռուբինեան։

Թէ ո՞ր թուականի քարտէզներով պիտի կատարուի սահմանազատումը, Ռուբինեան նշեց, որ ատիկա եւս այդ յանձնաժողովին քննարկուելիք թեմա է, եթէ այդ յանձնաժողովը ստեղծուի։ Ռուբինեան նշեց, որ որեւէ տարածքի յանձնման մասին ո՛չ գրաւոր եւ ո՛չ բանաւոր պայմանաւորուածութիւն չկայ։

ՀԱՊԿ-ի արձագանգի մասին Ռուբինեան ըսաւ․ «Այո՛, գործընթացները տեղի չեն ունենում այն արագութեամբ, որ մենք կ’ուզէինք, բայց կան մեքենականութիւններ եւ այդ մեքենականութիւնները գործարկուած են»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment