Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեան ու Նիկոլ Փաշինեան Աշխատանքային Հանդիպում Ունեցած են

Արմէն Սարգսեան ու Նիկոլ Փաշինեան Աշխատանքային Հանդիպում Ունեցած են

by MassisPost

Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան ու վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Մայիս 21-ին աշխատանքային հանդիպում ունեցած են եւ անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժած ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն դուրս մղելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ոտնձգութիւնները բացառելու ուղղութեամբ կատարուող գործողութիւններու ընթացքին:

Հանդիպումը նախաձեռնած է Արմէն Սարգսեան եւ հանդիպումը տեղի ունեցած է նախագահի նստավայրը։

Ըստ նախագահի գրասենեակին՝ անոնք կարծիքներ փոխանակած են նաեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներ սկսելու հարցով Հայաստանի դիրքորոշման եւ ներկայացուցած նախապայմաններուն շուրջ։

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստան առաջարկած է սահմաններու հարցով եռակողմանի յանձնաժողով ստեղծել՝ Հայաստան, Ռուսաստան, Ատրպէյճան։ Հայաստան յայտարարած է, որ կը համաձայնի, եթէ իր պահանջները բաւարարուին, ատրպէյճանական զօրամիաւորումները դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն եւ վերադառնան ելման դիրքեր։

Այսօր նախագահն ու վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած են, որ միայն վերջիններուս բաւարարման պարագային կը ստեղծուին անհրաժեշտ պայմաններ՝ այդ ուղղութեամբ համապատասխան քննարկումներ սկսելու համար։ Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցած է իր դիտարկումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment