Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրեմլինը Յորդորած է Զուսպ Արձագանգել Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Սահմանագծման Եւ Սահմանազատման Մասին Չճշդուած Տեղեկութիւններուն

Քրեմլինը Յորդորած է Զուսպ Արձագանգել Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Սահմանագծման Եւ Սահմանազատման Մասին Չճշդուած Տեղեկութիւններուն

by MassisPost

Քրեմլինը այսօր՝ Մայիս 21-ին յորդորած է չհաւատալ մամուլով հրապարակուած փաստաթուղթերուն եւ զուսպ արձագանգել հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման ու սահմանազատման մասին չճշդուած տեղեկութիւններուն եւ հաւատալ միայն պաշտօնական աղբիւրներուն։

Անդրադառնալով Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի առաջնորդներու միջեւ իբրեւ թէ ստորագրուելիք փաստաթուղթին, որ երէկ տարածուած էր համացանցով, Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով այսօր ըսած է․ «Ընդհանուր առմամբ, այդ այնքան նուրբ խնդիր է, եւ այնքան լուրջ ջանքեր կը գործադրուին այս իրավիճակը կարգաւորելու համար, որ պէտք է շատ զուսպ արձագանգել այդպիսի թեթեւամիտ հրապարակումներուն եւ առաջնորդուիլ միայն պաշտօնական աղբիւրներով»։ Փեսքով չէ յայտնած այլ մանրամասնութիւններ փաստաթուղթի մասին:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, թէ Մոսկուան իր միջնորդական ջանքերը առաջարկած է Պաքուին եւ Երեւանին սահմանազատման հարցով եւ կողմերուն առաջարկած է հայ-ատրպէյճանական յանձնաժողով ստեղծել սահմանազատման համար։ Հայաստանի մէջ երէկ մամուլով յայտնուած փաստաթուղթը բուռնօրէն կը քննարկուի, վարչապետի պաշտօնակատարը յայտարարած էր, որ փաստաթուղթը ամբողջովին կը բխի Հայաստանի շահերէն, եւ ան կը պատրաստուի զայն ստորագրել։

Ատրպէյճանի նախագահն ալ իր հերթին երէկ յայտարարած է, թէ պաշտօնական Պաքուն կ’աշխատի Հայաստանի հետ խաղաղ պայմանագրի, ինչպէս նաեւ սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment