Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ. Կը Նախաձեռնեմ Քայլեր Լարուածութեան Թուլացման Եւ Խաղաղ Հանգուցալուծման Ուղիներ Գտնելու Նպատակով

Նախագահ. Կը Նախաձեռնեմ Քայլեր Լարուածութեան Թուլացման Եւ Խաղաղ Հանգուցալուծման Ուղիներ Գտնելու Նպատակով

by MassisPost

Հայաստանի նախագահը կոչ ըրած է բոլորին՝ պետական մարմիններուն, ուժային կառոյցներուն, քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիներուն, դրսեւորելու զսպուածութիւն եւ ողջախոհութիւն: «Իւրաքանչիւր չկշռադատուած խօսք կամ գործողութիւն մեծացնում է լարուածութիւնը եւ էլ աւելի խորացնում ճգնաժամը», – յայտարարութեան մէջ նշած է Արմէն Սարգսեան:

Ան յորդորած է տեղիք չտալ սադրանքներու եւ ձեռնպահ մնալ ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան կոչերէն. «Մեր ժողովուրդը չի կարող իրեն թոյլ տալ պառակտում, պէտք է մերժել պետութիւնը ապակայունացնելու եւ պետականութիւնը վտանգելու ցանկացած փորձ, անվերապահօրէն գործել Սահմանադրութեան շրջանակներում:

Եւս մէկ անգամ հաստատելով նախագահական հիմնարկի՝ որպէս հաւասարակշռող կառոյցի դերը՝ հրատապ նախաձեռնում եմ քայլեր լարուածութեան թուլացման եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ուղիներ գտնելու նպատակով»:

Արմէն Սարգսեան վստահ է, որ երկիրը ցնցումներու տանիլը անարգանք կ’ըլլայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակին:

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ Փետրուար 24-ին, վարչապետի որոշմամբ պաշտօնէն ազատուեցաւ ԶՈւ Գերագոյն Շտապի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար՝ Տիրան Խաչատրեան։

Այսօր՝ Գլխաւոր շտապը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ պահանջելով վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Գլխաւոր շտապի յայտարարութիւնը «ռազմական յեղաշրջման փորձ» որակեց եւ իր կողմնակիցներուն հրաւիրեց Հանրապետութեան հրապարակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment