Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազատութեան Հրապարակին Մօտ Բախում Փաշինեանի Աջակիցներու եւ Ընդդիմադիրներու Միջեւ

Ազատութեան Հրապարակին Մօտ Բախում Փաշինեանի Աջակիցներու եւ Ընդդիմադիրներու Միջեւ

by MassisPost

Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» հանրահաւաքը: Վարչապետի հրաժարականը պահանջող 17 քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներով նշեցին, որ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումը հրամայական է, եւ իրենք կը միանան Գլխաւոր շտապի յայտարարութեան` սատարելով անոր:

Հանրահաւաքի մեկնարկէն առաջ, երբ այստեղ դեռ այդքան մեծ թիւով ժողովուրդ չէր հաւաքուած, բաւականին լարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ, երբ Նիկոլ Փաշինեանի աջակիցներու երթը կ’անցնէր Ազատութեան հրապարակի մօտով: Այստեղ երկու խումբերու` Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողներու եւ անոր սատարողներու միջեւ բախում գրանցուեցաւ, թէեւ ոստիկանութիւնը կանգնած էր անոնց միջեւ: Այնուամենայնիւ, խոշոր բախումէն հնարաւոր եղաւ խուսափիլ: Երկու կողմերը ճաղերու եւ ոստիկանական շարքի ետեւէն իրարու վիրաւորանքներ ու հայհոյանքներ կը հասցնէին, որոշ դէպքերուն նաեւ քարեր նետեցին, սակայն այդքանով սահմանափակուեցաւ:

Հանրահաւաքի ընթացքին, շարժման վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեան հանդէս եկաւ ելոյթով` նշելով, որ իշխանութիւններուն քիչ մնացած է, եւ անոնք արդէն հոգեվարքի մէջ են, իրենք պիտի մտածեն յաջորդ փուլի մասին. «Այս իշխանութիւնն արդէն հոգեվարքի մէջ է, նա փորձում է ժողովրդին ուղղել բանակի դէմ, նորից իր ձեռագիրն է` ժողովրդին բաժանել տարբեր հատուածների եւ բախումներ ստեղծել, դրա համար մեզ պէտք է վճռականութիւն եւ զսպուածութիւն: Մենք դեռ երկար այստեղ կանգնած կը մնանք, որովհետեւ գործն արդէն վերջանում է, վերջանում է առաջին փուլը, որ մենք Նիկոլ Փաշինեանին պէտք է դէն շպրտենք եւ վերականգնենք մեր հայրենիքը, եւ ոնց որ միասին էինք դուրս շպրտելու մէջ, նոյն կերպ միասին պէտք է լինենք երկիրը վերակառուցելու, դարձնելու արդար, հզօր Հայաստան»:

Ազատութեան հրապարակում հանրահաւաքէն յետոյ շարժման անդամները երթով հասան Ազգային ժողով, ուր ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ն ու «Լուսաւոր Հայաստան»-ը ստորագրահաւաք սկսած են՝ արտահերթ նիստ հրաւիրելու համար:

Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները կը ցանկան խորհրդարանէն ներս քննարկում ծաւալել՝ «քաղաքական գործընթացները բնականոն հուն վերադարձնելու համար»։

ԶՈւ-ն լիարժէք կը կատարէ սահմաններու պաշտպանութիւնը, շեշտած է Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

«Հայաստանի զինուած ուժերը լիարժէք իրականացնում են սահմանների պաշտպանութիւնն ու ապահովում անվտանգութիւնը», յայտարարած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Բանակը ապաքաղաքական կառոյց է, եւ անթոյլատրելի են Զինուած ուժերին քաղաքական որեւէ գործընթացում ներգրաւելու բոլոր փորձերը», – ըսուած է ՊՆ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտած է, որ իւրաքանչիւր նման փորձ կը սպառնայ ՀՀ կայունութեան ու անվտանգութեան, նաեւ աւելցուցած, որ ՊՆ-ն ըստ արժանւոյն կ’արձագանգէ իւրաքանչիւր նման գործողութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment