Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կ’ուսումնասիրէ Գլխաւոր Շտապի Փետրուար 25-Ի Յայտարարութիւնը

Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կ’ուսումնասիրէ Գլխաւոր Շտապի Փետրուար 25-Ի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Վարչապետի եւ Կառավարութեան հրաժարականը պահանջելու վերաբերեալ Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի Փետրուար 25-ի յայտարարութեան վերաբերեալ քրէական վարոյթ դեռեւս չկայ։ Այս մասին «Ազատութիւն»ին յայտնեց գլխաւոր դատախազի օգնական՝ Գոռ Աբրահմեան՝ աւելցնելով՝ յայտարարութիւնը կ’ուսումնասիրուի։

«Գլխաւոր շտապի յայտարարութիւնը եւ դրա շուրջ զարգացումների հնարաւոր վտանգները մեր ակնդէտ ուշադրութեան ներքոյ են, եւ Քրէական օրէնսգրքով նախատեսուած ցանկացած յանցակազմի յատկանիշ պարունակող յստակ դրսեւորումներ, տարրեր ի յայտ բերուելու պարագայում պարտադիր եւ անմիջապէս հետեւելու է քրէաիրաւական արձագանգը», – տեղեկացուց Աբրահամեան։

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «ռազմական յեղաշրջման փորձ» որակած է ԳՇ յայտարարութիւնը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment