Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուայի Մէջ Հանդիպեցան Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի ԱԳ Նախարարները

Մոսկուայի Մէջ Հանդիպեցան Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի ԱԳ Նախարարները

by MassisPost

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17-ի երեկոյեան, Մոսկուայի մէջ կայացաւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական փակ հանդիպումը։ Ընդ որում, հանդիպման զուգահեռ կայացած է նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը։

Քրեմլինի տարածած կարճ հաղորդագրութեան համաձայն՝ Վլատիմիր Փութինն ու Նիկոլ Փաշինեանը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ 2021-ի Յունուար 11-ին Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ գագաթնաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման գործնական տեսակէտները։ Անդրադարձ կատարուած է ռուս-հայկական համագործակցութեան որոշ արդիական հարցերու։ Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել շփումները տարբեր մակարդակներով։

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Փութին-Փաշինեան հեռախօսազրոյցի ժամանակ ընդգծուած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու շուտափոյթ վերադարձի կարեւորութիւնը։ Հայկական կողմը, ըստ հաղորդագրութեան, մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ատրպէյճանը լիարժէք չի կատարեր համատեղ յայտարարութեան տուեալ կէտի պահանջները։

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպումէն յետոյ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեամբ նոյնպէս նշուած է, որ հայկական կողմը բարձրաձայնած է Ատրպէյճան պահուող գերիներու հարցը։

Արա Այվազեան եւ Սերկէյ Լաւրով հանգամանալից անդրադարձած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն, մտքեր փոխանակած Նոյեմբեր 9-ի եւ անկէ բխող Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու կեանքի կոչման շուրջ։ «Այդ կապակցութեամբ հրատապ հասցէագրում պահանջող մարդասիրական խնդիրներու համաթեքսթում նախարար Այվազեանը շեշտեց ռազմագերիների եւ պատանդի կարգավիճակում պահուող անձանց հայրենադարձման կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ խնդրի արհեստական ձգձգումն Ատրպէյճանի կողմից լուրջ խոչընդոտներ է ստեղծում եռակողմ յայտարարութիւնների կենսագործման ճանապարհին», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացքի վերսկսման առնչուող հարցեր: Նախարարները ընդգծած են կարգաւորման առանցքային հարցերու հասցէագրումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս, նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեամբ։

Աւելցնենք, որ Սերկէյ Լաւրով նոյն օրը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցի` Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment