Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ՝ Տարօն Մարգարեանին Եւ Երեք Նախկին Պաշտօնեայի Մեղադրանք Առաջադրուած է

Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ՝ Տարօն Մարգարեանին Եւ Երեք Նախկին Պաշտօնեայի Մեղադրանք Առաջադրուած է

by MassisPost

ՀՀ կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետին, Երեւանի նախկին քաղաքապետին, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան ու Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի անշարժ գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետերուն մեղադրանք առաջադրուած է, պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու համար, յայտնած է Քննչական կոմիտէն:

Համաձայն հաղորդագրութեան՝ «պարզուել են ՀՀ կառավարութեանն առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան վարչութեան պետ Անդրանիկ Քասարեանի, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի անշարժ գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արսէն Ամեանի կողմից պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու դէպքերի մի շարք հանգամանքներ»:

Քննութեամբ ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն՝ Տարօն Մարգարեան, 2009-ի Յուլիս 6-էն մինչեւ 2011-ի Նոյեմբեր 15-ը գրաւելով Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալի, իսկ 2011-ի Նոյեմբեր 15-էն մինչեւ 2018-ի Յուլիս 9-ը՝ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը,  չարաշահած է իր լիազօրութիւնները»:

Մասնաւորապէս, նախկին քաղաքապետը, ըստ Քննչական կոմիտէին, նպատակ ունենալով Երեւան քաղաքի որոշ դպրոցներու կողմէ զբաղեցուցած հողատարածքներէն իր եւ իր մերձաւորներուն համար առանձնացնել եւ ձեռք բերել հողատարածքներ, իր պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելով, նախաձեռնած է դպրոցներու զբաղեցուցած հողամասերու սահմանները վերաճշդելու գործընթացք եւ յանձնարարած քաղաքապետարանի համապատասխան պաշտօնեաներուն եւ աշխատակիցներուն՝ թողարկել դպրոցներու հողատարածքներու նոր յատակագիծ:

2011 թուականին, Երեւանի Աճառեան փողոցը գտնուող ՊՈԱԿ-ի (Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններ) պետական սեփականութիւն հանդիսացող շէնք-շինութիւններու զբաղեցուցած 13.172 քմ. հողատարածքէն անհիմն նուազեցուցած են 3693,12 քմ. մակերեսով հողատարածք, որմէ 3569,8 քմ. մակերեսով հողատարածքը Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէն կազմակերպուած աճուրդով շուկայականէն ցած արժէքով, միջնորդի միջոցաւ, օտարուած է վերջինիս սանիկին եւ նոյն ՊՈԱԿ-ի տնօրէնի ամուսնոյն:

2012 թուականին, Աւանեսովի փողոցը գտնուող՝ Երեւան համայնքի սեփականութիւն հանդիսացող ՀՈԱԿ-ի (համայնքային ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն) զբաղեցուցած հողատարածքէն անհիմն նուազեցուած է 580,63 քմ. մակերեսով հողատարածք, որմէ 575 քմ. մակերեսով հողատարածքը քաղաքապետարանի կողմէն կազմակերպուած աճուրդով շուկայականէն էականօրէն ցած արժէքով օտարուած է Տարօն Մարգարեանի ընտանիքի մտերիմ, նշուած ՀՈԱԿ-ի տնօրէնի հայրիկին, իսկ 2014-ին նոյն ՀՈԱԿ-ի կողմէն զբաղեցուցած հողատարածքէն կրկին անհիմն նուազեցուած է 863,34 քմ. մակերեսով հողատարածք, որ քաղաքապետարանի կողմէն կազմակերպուած աճուրդով շուկայականէն էականօրէն ցած արժէքով կրկին ձեռք բերած է Տարօն Մարգարեանի ընտանիքի մտերիմ, ՀՈԱԿ-ի տնօրէնի հայրը՝ դպրոցները զրկելով փաստացի իրենց ամրակցուած հողատարածքները ամբողջութեամբ ուսումնական նպատակներով օգտագործելու հնարաւորութենէն, ինչպէս նաեւ պետութեան իրաւունքներուն եւ օրինական շահերուն պատճառելով էական վնաս:

Հետագային, 575 քմ. եւ 863,34 քմ. մակերեսով օտարուած հողատարածքները, Երեւանի քաղաքապետի որոշմամբ, որպէս հասարակական կառուցապատման հողատարածք, միացուած են ՀՈԱԿ-ի տնօրէնի հայրիկին պատկանող մէկ հասցէին:

Երեւանի նախկին քաղաքապետին մեղադրանք առաջադրուած է՝ Քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի (պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը) 2-րդ մասով:

«Նոյն քրէական գործով բացայայտուած մէկ այլ նոյնաբնոյթ դէպքով, մեղադրանք է առաջադրուել նաեւ ՀՀ կառավարութեանն առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ՝ Արման Սահակեանին, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան վարչութեան պետ՝ Անդրանիկ Քասարեանին ու Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի անշարժ գոյքի կառավարման վարչութեան պետ՝ Արսէն Ամեանին՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի (պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելը) 2-րդ մասով», – Նաեւ հաղորդած է քննչական կոմիտէն:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment