Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Արտահերթ Նիստը, Ամենայն Հաւանականութեամբ, Տեղի Կ’ունենայ Մարտին

«Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Արտահերթ Նիստը, Ամենայն Հաւանականութեամբ, Տեղի Կ’ունենայ Մարտին

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի արտահերթ նիստը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի կ’ունենայ Մարտին: «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեան ըսաւ՝ հրաւէրը ուղարկուած է հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն, այժմ կը քննարկուի յստակ օրը, ըստ այդմ կը ձեւաւորուի նաեւ օրակարգը:

Հիմնադրամի կառավարման եւ գործունէութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու նպատակով դեռ երէկ՝ Փետրուար 17-ին արտահերթ նիստ գումարելու յանձնարարութեամբ հանդէս եկաւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը, որ նաեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է: Արմէն Սարգսեան երէկ, հանդիպելով հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի հետ, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, կարեւորած է աշխարհասփիւռ հայութեան հանգանակած եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրաբերած միջոցներու արդիւնաւէտ եւ նպատակային ծախսումը, ծրագիրներու իրագործման ընթացակարգերու եւ ժամկէտներու խստագոյնս պահպանումը, հիմնադրամի գործունէութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը:

Նախագահը Դեկտեմբերին պահանջած էր, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով կատարուած ծախսերու վերաբերեալ, կառավարութիւնը պէտք է յստակ, մանրամասն եւ թափանցիկ հաշուետուութիւն ներկայացնէ, ընդ որում, այդ պէտք է կատարուի առաւելագոյնս հրապարակային: Պատերազմի օրերուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հանգանակած ֆինանսական միջոցներու զգալի մասը՝ աւելի քան 52 միլիառ դրամը, նուիրատւութեան ձեւով փոխանցուած է կառավարութեան։

Հայկակ Արշամեանի խօսքով՝ Ֆինանսներու (Ելեւմուտքի) նախարարութիւնը կատարուած ծախսերու մասին պարբերաբար աշխատանքային նամակներ կ’ուղարկէ իրենց, սակայն վերջնական հաշուետուութիւն դեռ չեն ստացած. «Այդ ամէն ինչը մենք փոխանցում ենք մեր հաշուեքննիչ կազմակերպութեանը եւ երբ որ վերջնական, այսինքն՝ թէ՛ ամբողջական գումարի մասով եւ թէ՛ հաշուեքննիչի եզրակացութիւնը կը լինի, որը կը տրուի նաեւ հոգաբարձուների խորհրդի նիստի քննարկմանը, դրանից յետոյ, երբ որ մենք մեր տարեկան հաշուետուութիւնը կը հրապարակենք, այնտեղ ամէն ինչ կը տեսնենք: Յուսամ, որ մինչեւ հոգաբարձուների խորհրդի նիստ մենք արդէն բաւական նիւթ կ’ունենանք՝ դրա մասին խօսելու»:

Հարցին, թէ ըստ այդ միջանկեալ հաշուետուութիւններուն՝ արդեօք արդարացուա՞ծ կը համարէ կատարուած ծախսերը, Արշամեան արձագանգեց՝ պատասխանը արտացոլուած կ’ըլլայ հաշուեքննիչ ընկերութեան եզրակացութեան մէջ։

«Թրանսփարենսի Ինթըրնէյշընըլ» հակաքորուփցիոն կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավար՝ Վարուժան Հոկտանեանի կարծիքով՝ այստեղ միանշանակ հաշուետուողականութեան եւ թափանցիկութեան խնդիր կայ, հաշուետուութիւնը պէտք է արտահերթ ներկայացուեր։ Հոկտանեանի խօսքով՝ հասարակական պահանջ կայ՝ հասկնալու, թէ այդ գումարը ինչպէս եւ ինչի վրայ ծախսուած է, արդեօք արդիւնաւէ՞տ ծախսեր եղած են:

«Այդ գումարներն ինչպէ՞ս են ծախսուել, արդեօք ծախսուել են այն բանի համար, ինչի համար պէտք էր ծախսուէին, թէ ծախսուել են, օրինակ, պարգեւավճարներ վճարելու վրայ: Որովհետեւ այսպէս ասենք՝ եթէ պատերազմ է գնում, բնականաբար, պէտք է գօտիները բոլորը ձգեն, եւ, բնականաբար, պէտք է գումարները գնան պաշտպանութեան կարիքներին: Երբ որ գումարները գնում են պաշտպանութեան կարիքներին, ինչպէ՞ս է արւում, ասենք, նայում են պիւտճէում այլ նախարարութիւնների՝ ինչ կարելի է կրճատել, եթէ յանկարծ պարզուի, որ որոշում են, որ, չէ, պարգեւավճարը չպիտի կրճատուի, եկէք «Հայաստան» հիմնադրամից վերցնենք, որ պարգեւավճար վճարենք, դա անբարոյականութիւն կը լինի, սրա մասին է խօսքը: Այստեղ հիմնադրամի մեղքը ես չեմ տեսնում, որովհետեւ միակ թերացումն այն է, որ իրենք պէտք է պահանջեն հաշուետուութիւն կառավարութիւնից», – ըսաւ Հոկտանեան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ՝ Գաբրիէլ Չենպերճեան «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ միայն՝ կատարուած ծախսերու հաշուետուութիւնը պէտք է ներկայացուի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն, որպէսզի սփիւռքը չհիասթափուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment