Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բռնութեան Կոչերը Տեղ Պէտք Չէ Ունենան Հայաստանի ՄԷջ

Բռնութեան Կոչերը Տեղ Պէտք Չէ Ունենան Հայաստանի ՄԷջ

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ասդին Հայաստանի քաղաքացիներուն մօտ միշտ ալ մտահոգութիւններ եղած են վարչապետի ֆիզիքական ապահովութեան շուրջ, նկատի ունենալով անցեալի յիշողութիւնները, յատկապէս կապուած 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին Խորհրդարանէն ներս կատարուած սպանութիւններուն հետ, որոնց զոհ գացին օրուայ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Տէմիրճեանը եւ շարք մը նախարարներ ու պատգամաւորներ:

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք յաճախակի դարձան իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ յատկապէս վարչապետ Փաշինեանը ֆիզիքական հաշուեյարդարի ենթարկելու կոչերը: Վարչապետի դէմ մահափորձ կատարելու մասին հրապարակաւ կ՛արտայայտուին քաղաքական յայտնի դէմքեր ու կուսակցական ներկայացուցիչներ, խոստանալով նաեւ մեծ գումարներ: Վերջին շրջանին նման յայտարարութիւններու համար ձերբակալուեցան, բայց շատ արագ դատարաններու կողմէ ազատ արձակուեցան ԱԱԾ նախկին տնօրէն, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանէցեանը, ԱԺ նախկին պատգամաւոր Վահրամ Բաղդասարեանը, ՀՅԴ անդամ Աշոտ Աւագեանը, նախկին ՀՀԿ-ական պատգամաւոր, Միհրան Յակոբեանը, «Ազգային Անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ Գառնիկ Իսագուլեանը, «Ազգային Համաձայնութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեանը, ՀՀ ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան սպայ Սայաթ Շիրինեանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Բոլորի պարագային ալ իրաւապահ մարմինները կատարելով իրենց պարտականութիւնը ձերբակալեցին բռնութեան սպառնալիքներ եւ կամ մահափորձ կազմակերպելու մեղադրանքով կասկածելիները: Սակայն, առանց բացառութեան, բոլորի պարագային ալ դատարանները մերժեցին կալանքի միջնորդութիւնը, այդ նկատելով ոչ համաչափ: Թէ ինչպէս տարբեր դաստաւորներ կու գան նոյն եզրակացութեան, երբ երկրի ղեկավարի ապահովութիւնը խնդրոյ առարկայ է, դժուար թէ տեղաւորուի որեւէ տրամաբանութեան մէջ: Կը մնայ մէկ բացատրութիւն, որ այդ որոշումները կապուած են դատաւորներու շարունակուող կախուածութեամբ՝ նախկին իշխանութիւններէն: Այս երեւոյթը աւելի բացայայտ դարձաւ երբ անցեալ շաբաթ Եռաբլուրի մէջ վարչապետի հասցէին բռնութեան կոչեր կատարող Արցախի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Վահան Բադասեանի նկատմամբ դատաւորը անմիջապէս կայացուց կալանքի որոշում: Նախկին իշխանութիւններու օրօք ընդդիմադիր դիրքերէ հանդէս եկող Բադասեան չունենալով այսպէս կոչուած«նախկիններու տանիքը», արժանացաւ տարբեր վերաբերմունքի՝ քան միւսները:

Ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածուն, որ մի քանի անգամ հանդէս եկած էր բռնութեան կոչերով, Արարատի մարզ կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ եթէ սահմանադրական ճանապարհը արդիւնք չտայ, պէտք է ապստամբութիւն ընել: Խօսքը անշուշտ զինեալ ապստամբութեան մասին է: Մանուկեանի այս ելոյթը եւս ներկայիս իրաւապահներու կողմէ քննութեան առարկայ է, սակայն մեծ հաւանականութեամբ ան եւս շարունակէ գործել ազատ ու համարձակ, քանի տակաւին չէ լուծուած Հայաստանի մէջ անկախ դատարաններ ունենալու հարցը:

Փաշինեանի իշխանութիւնը կը շարունակէ մնալ իր կողմէ դատաւորներու գործերուն չմիջամտելու իր սկզբունքային կեցուածքին վրայ: Սակայն, միւս կողմէ կը խարխլին պետութեան հիմքերը եւ իրաւապահ մարմիններու ջանքերը կը մնան ապարդիւն: Դատաւորներու հարցը պէտք է լուծել օր առաջ, մանաւանդ որ վերջին երկու տարիները եկան ցոյց տալու, որ դատաւորները պատրաստ չեն եւ կամ ի վիճակի չեն ինքնակամ վերափոխուելու:

Բռնութեան կոչերով ու սպառնալիքներով հանդէս եկողները կը փորձեն պահուըտիլ պատերազմի ընթացքին կրած պարտութեան ետին: Սակայն, ոմանք կը յիշեցնեն որ, «Հոկտեմբեր 27-ին» զոհ գացին պատերազմ յաղթողները: Այդ ողբերգական դէպքի ետին թագնուած կասկածեալները, նոյն այսօրուայ ընդդիմադիր գործիչներէն շատերն են, որոնց համար գերնպատակը օր առաջ իշխանութեան հասնելն է, ինչ միջոցաւ ալ ըլլայ այդ, մանաւանդ որ հանրահաւաքային պայքարը չտուաւ սպասուած արդիւնքը, իսկ ընտրութիւններուն հետ կապուած յոյսերը այդքան ալ մեծ չեն:

Վերջերս ընկերային ցանցերը՝ «Թուիթըր», «Ֆէյսպուք», «Եու Թիւպ» եւ այլք փակեցին Տանոլտ Թրամփի հաշիւներ՝ բռնութեան մասին ըրած ակնարկութիւններուն համար: Եթէ Ամերիկայի գործող նախագահին վրայ սահմանափակում կրնայ դրուիլ, հաստատ որ նոյն ճակատագրին արժանի են Հայաստանի այն գործիչները, որոնք բռնութիւն կը քարոզեն: Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը այս ուղղութեամբ պէտք է դիմէ միջոցներու, քանի որ ոչ մէկ տեղ խօսքի ազատութիւնը բացարձակ չէ ու չի կրնար ըլլալ:

Հայաստանի զարգացման ու հզօրացման միակ գրաւականը երկրէն ներս օրինականութեան ու ժողովրդավարութեան գերակայութիւնն է, ու բոլորը պէտք է հասկնան որ, հոն տեղ չունին բռնութեան կոչերն ու սպառնալիքները:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment