Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Միշտ Նեցուկ Է Հայ Ժողովուրդին, Ըսած Է Եուրի Ճորքայէֆը՝ Վարչապետին Հետ Հանդիպման Ընթացքին

Ֆրանսայի Հայ Համայնքը Միշտ Նեցուկ Է Հայ Ժողովուրդին, Ըսած Է Եուրի Ճորքայէֆը՝ Վարչապետին Հետ Հանդիպման Ընթացքին

by MassisPost

Ֆրանսայի հայ համայնքը միշտ նեցուկ է հայ ժողովրդին, Հայաստանին եւ Արցախին, այսօր՝ դեկտեմբեր 1-ին ըսած է Յանուն Հայաստանի բարի կամքի դեսպան, աշխարհահռչակ հայազգի ֆութպոլիստ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան՝ Եուրի Ճորքայէֆը։

Վարչապետը այսօր կառավարութենէն ներս ընդունած է աշխարհահռչակ ֆութպոլիստը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնութեան նախագահի խորհրդական, Ֆրանսայի Տեսին քաղաքի փոխքաղաքապետ՝ Տենիս Ճորքայէֆը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան:

«Պարոն վարչապետ, մենք այսօր այստեղ ենք՝ մարդասիրական, բարոյական աջակցութիւն տրամադրելու համար եւ նաեւ վկայելու հայ-Ֆրանսական ամուր կապերու մասին: Մենք պիտի շարունակենք մեր յանձնառութիւնը, պիտի շարունակենք ըլլալ ձեր կողքին», – ըսած է Իւրի Ճորքայէֆը:

Վարչապետը երախտագիտութիւն յայտնած է Ճորքայէֆ եղբայրներուն՝ այս դժուարին ժամանակաշրջանին Հայաստանի ու Արցախի կողքին ըլլալու ու սատար կանգնելու համար:

«Ուրախ եմ եւս մէկ անգամ հիւրընկալելու ձեզ: Շատ կարեւոր է այն գործունէութիւնը եւ աջակցութիւնը, որ Ճորքայէֆների ընտանիքը ծաւալում է յանուն Հայաստանի եւ Արցախի: Այս բարդ ժամանակներում մենք պէտք է միահամուռ լինենք եւ մէկտեղենք համազգային ներուժը՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ առաջ շարժուելու համար: Պէտք է լինենք առաւել աշխոյժ եւ առաւել սերտ փոխկապակցուած», – նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ըստ վարչապետի գրասենեակին, հանդիպման քննարկուած են ստեղծուած իրավիճակի մէջ համազգային ներուժի համախմբման, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապերու ամրապնդման, հայ-Ֆրանսական բարեկամական յարեբերութիւններուն վերաբերող եւ այլ հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment