Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Զինուժը Մուտք Գործեց Լաչինի Շրջան

Ատրպէյճանի Զինուժը Մուտք Գործեց Լաչինի Շրջան

by MassisPost

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Դեկեմբեր 1-ի լոյս գիշերը մուտք գործած են Լաչինի (Քաշաթաղի) շրջան: Այս մասին կը յայտնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Համաձայն Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու կողմէ Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած յայտարարութեան՝ Լաչինի շրջանէն հայկական կողմը պէտք է դուրս գար մինչեւ Դեկտեմբեր 1-ը:

Աւելի վաղ հայկական Զինուած ուժերը լքած էին Աղդամի եւ Քելբաջարի շրջանները:

Եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Լաչինի միջանցքը՝ 5 քմ լայնութեամբ, որ կ’ապահովէ կապը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment