Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսան Յամառ Պիտի Ըլլայ Հրադադարի Պահպանման Միջազգային Վերահսկողութեան Հարցով

Ֆրանսան Յամառ Պիտի Ըլլայ Հրադադարի Պահպանման Միջազգային Վերահսկողութեան Հարցով

by MassisPost

Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սերկէյ Լաւրովն ու Ժան-Իվ Լը Տրիանը երէկ՝ Նոյեմբեր 19-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են եւ հերթական անգամ քննարկած Նոյեմբեր 10-ին հաստատուած հրադադարը, մասնաւորապէս՝ ռուս խաղաղապահներու հարցը։

«Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ իրավիճակը, որ ստեղծուած է Ռուսաստանի կողմէն հակամարտութեան գօտիին վրայ կրակի եւ ռազմական բոլոր գործողութիւններու լիակատար դադարեցման նպատակով ձեռնարկուած միջնորդական ջանքերու հետեւանքով», – ըսուած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Լաւրով ֆրանսացի գործընկերոջը պարզաբանած է ռուս խաղաղապահներու մասնակցութեան յարաչափերը եւ մարդասիրական արձագանգման միջգերատեսչական կեդրոնի աշխատանքը:

Երէկ Սերկէյ Լաւրով յայտատարած է, որ Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ նեղանան Ռուսաստանէն, եւ որ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներ, մասնակցութիւն ունեցած են, եւ ստորագրուած յայտարարութեան մէջ հաշուի առնուած են պատերազմի ժամանակ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի կատարած բոլոր յայտարարութիւնները։

Մինսքի խումբի երեք անդամներէն երկուքը՝ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան, յայտարարած են, որ Ռուսաստանէն յստակութիւն կ’ակնկալեն Ղարաբաղի մէջ կրակի դադարեցման պայմաններու վերաբերեալ: Հարցը Փարիզի մէջ քննարկած են ԱՄՆ պետական քարտուղար՝ Մայք Փոմփէօն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանը: Իսկ Եւրամիութեան՝ երէկ տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ռազմական գործողութիւններու դադարեցումը ընդամէնը առաջին քայլն է Լեռնային Ղարաբաղի երկարատեւ հակամարտութեան վերջ դնելու ուղղութեամբ։ Պաշտօնական Պրիւքսէլի համոզմամբ, պէտք է լրացուցիչ ջանքեր գործադրուին հակամարտութեան բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման համար՝ ներառելով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը:

Նոյեմբեր 17-ին ԱՄՆ պետական քարտուղար՝ Մայք Փոմփէօն նոյնպէս յայտարարած է, որ հարկ է շուտափոյթ կերպով վերսկսիլ մինսքեան գործընթացքը:

«Կարգաւորման հիմքը պէտք է ըլլան Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի դրոյթները՝ ուժ կիրառելու կամ անով սպառնալու բացառում, տարածքային ամբողջականութիւն, ազգերու ինքնորոշում եւ մարդոց իրաւահաւասարութիւն», – յայտարարած է Փոմփէօն։

Հիմնականին մէջ Ուաշինկթընը եւ Փարիզը պարզաբանումներ կ’ակնկալեն Մոսկուայէն ռուս խաղաղապահներու, Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ Ղարաբաղի կարգավիճակի հետ կապուած հարցերով։

Յայտարարութեան մէջ, յիշեցնեմ, որ Արցախի կարգավիճակի մասին ընդհանրապէս ոչինչ կայ, իսկ Ռուսատսանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը երկու օր առաջ Ղարաբաղի շուրջ ընդարձակ հարցազրոյցին ըսած էր, թէ կարգավիճակի հարցը բաց է եւ պիտի քննարկուի ապագային։

Երկու օր առաջ Մոսկուա  ժամանած էին Մինսքի խումբի ֆրանսացի եւ ամերիկացի համանախագահները։ Կարելի է ակնկալել, որ անոնք առաջիկային հանդէս կու գան յայտարարութեամբ։ Բացի այդ, երէկ երեկոյեան ղարաբաղցիներու խնդիրներուն անդրադարձած է Ֆրանսայի նախագահը։ «Ֆրանսան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանակներուն մէջ պատրաստ է ներդնել իր փորձը եւ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շրջակայքի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան գործով», – Թուիթըրով գրած է Էմմանուէլ Մաքրոնը:

REUTERS-ը այսօր, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, գրած է, թէ Ֆրանսան կ’ուզէ, որ հրադադարի ռեժիմը Լեռնային Ղարաբաղին մէջ ունենայ միջազգային վերահսկում, եւ մտավախութիւն ունի, որ Ռուսաստանն ու Թուրքիան դուրս կը մղեն Արեւմուտքը ղարաբաղեան վերջնական համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններէն։ REUTERS-ը գրած է, թէ Փարիզը յամառ պիտի ըլլայ հրադադարի պահպանման միջազգային վերահսկողութեան հարցով։ Մաքրոնի կառավարութիւնը, մասնաւորապէս, կ’ուզէ վերահսկել ղարաբաղցի փախստականներու վեռադարձի գործընթացը, Սուրիայէն եկած զինեալներու վերադարձի գործընթացը եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ բանակցութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment