Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքն Արդար Իրաւունք է եւ Պէտք Է Պայքարիլ Այդ Իրաւունքին Համար». Զաւէն Խանճեան

«Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքն Արդար Իրաւունք է եւ Պէտք Է Պայքարիլ Այդ Իրաւունքին Համար». Զաւէն Խանճեան

by MassisPost

«Արեւելք»ի հարցազրոյցը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի հետ.

Պարոն Խանճեան, 1988 թուականէն ի վէր մեր ժողովուրդը  բազում դժուարութիւններու միջով անցաւ եւ ահա այսօր յայտնուած ենք արիւնալի պատերազմի մը մէջ՝ իր բոլոր հետեւանքներով, միւս կողմէն ալ թագաժահրի համաճարակին կը դիմագրաւուենք: Հանգիստ ու խաղաղ չէ վիճակը նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան համար: Ի՞նչ կը կարծէք, 1988 ի վէր, ասիկա մեր ժողովրդի ամենադժուար շրջա՞նն է:

Մենք ապագայի մասին չենք կրնանք խօսիլ, սակայն անցեալին գալով, այո, կրնանք ըսել, որ  այսօր 1988է-ն ի վեր, ամենադժուար պահն է, որ կ՚ապրինք։

Ձեւով մը երբեմն կռփամարտի տոպրակի կը նմանցնեմ մենք զմեզ այս մէկ տարին՝ սկսած անցեալ տարուայ հոկտեմբերէն՝ լիբանանեան տագնապի սկիզբէն:  2020-ի մարտին, գահաժահրի համաճարակը սկսաւ, անկէ ետք կրկին սուրիական շարունակուող ողբերգութիւնը, Լիբանանի վիճակը ծանրացաւ ապրիլին, մայիսին եւ  վերջ ի վերջոյ օգոստոսին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք   տագնապը իր գագաթանակէտին հասաւ։ Ատկէ առաջ ալ յուլիսին նախորդեց Տաւուշի  շրջանի կարճատեւ պատերազմը, սեպտեմբեր 27-ին ալ ահա այս թուրք-ազերի-ճիհատիստ յարձակումը… Այո՛, մենք մեր արդի պատմութեան ամենադժուար վիճակի մէջ ենք:   Չեմ գիտէր ապագան ի՞նչ պիտի բերէ, բնականաբար, աւելի դժուար վիճակներ ալ կան, որ չեմ ուզեր երեւակայել՝ նկատի ունենալով թուրքի ահագնացող ախորժակները մեր հայրենիքի նկատմամբ, բայց այսօր ամենադժուարն է… Այս դժուարին վիճակին մէջ անշուշտ, մեզմէ բոլորէս կը պահանջուի  զօրակոչի ենթարկուած ըլլալ:

Մենք գոհ  եւ ուրախ էինք, որ որպէս կազմակերպութիւն, լիբանանեան տագնապի մէջ իսկապէս կարճ միջոցի մը մէջ լաւագոյնը ըրինք՝ հասնելու համար մեր ժողովրդին, ջանացինք կառոյցներու ոչ միայն նորոգութեան, այլ նաեւ՝ հոգիներու նորոգութեան, ոգիի նորոգութեան, որպէսզի դուրս գանք այդ վիճակէն եւ խաղաղ կերպով նոր տարեշրջան մը սկսին մեր վարժարանները, կառոյցները, կրթական ցանցը, ինչպէս նաեւ ժողովրդի կեանքը բնականոն դառնայ: Բայց Արցախեան տագնապը մեծ հարուած մըն էր, որ փոխեց մեր առաջնահերթութիւնները, եւ այսօր կեդրոնացած ենք Արցախի վրայ: Առանցքը Արցախն է, եւ մեր բոլոր ուշադրութիւնները հոն դարձուցած ենք: Կը ջանանք մեր կարելին ընել երկկողմանի. թէ՛ օգտակար ըլլալով մեր պետական եւ բանակային կարողականութեան եւ անշուշտ կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը,  մարդասիրական մեր բոլոր ծրագիրները, որպէսզի կարողանանք Արցախի եւ այս պարագային հայրենիքի մէջ հասնիլ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած ժողովրդին՝ ոտքի պահելու համար զանոնք:  Կը շարունակենք մեր պայքարը՝ ուղղուելով յաղթանակ եւ վերադարձ դէպի երկիր, որ այս պարագային Արցախն է: Երկիրը մեզի համար հարիւր տարի Արեւմտահայաստանն էր, ա՛յդ երգեցինք, ա՛յդ երկեցինք, եւ անոր փառքն ու կարօտը սնուցեցինք մեր մէջ, եւ ահա այսօր Արցախն է: Կարելի չէ Արցախը թողլքել,  Արցախի կորուստը հայրենիքի կորուստն է, Արցախը թումբն է մեզի պահող՝ Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն: Այնպէս որ պէտք է շարունակել, ամէն ինչ զոհել եւ այդ կամքով եւ վճռականութեամբ  դուրս  գալ     այս վիճակէն:

Նշեցիք Արցախէն Հայաստան եկածներու մասին. մօտ կը տեսնե՞ք Արցախ անոնց վերադարձը:

Մեր սրտագին փափաքն է, ոչ միայն փափաքն է, այլեւ արդէն հաւաքական աշխատանքն է, հաւաքական ծառայութիւնն է ամէն կողմանէ, որ այս ամէնը կարճ տեւէ, եւ արցախցիները տուն վերադառնան: Երբէք չենք ուզէր, որ 1915-ը կրկնուի, կամ 1988-ը (Սումկայիթ), ու  1990-ը (Պաքու) կրկնուին: Մենք ուրիշ անիրաւութիւններու ցանկացողը չենք, արդար իրաւունքներու ետեւէն ենք,  եւ 1988էն ի վեր իրաւունքներէն ամենաարդարը  Արցախի ժողովուրրդի ինքնորոշման իրաւունքն է: Բան մըն է, որ այսօր՝ 2020 թուականին, դժբախտաբար, մենք այսպէս պատերազմով կրնանք պարտադրել, բայց ես կը հաւատամ, որ կը պարտադրենք եւ անկէ ետք, անշուշտ, նորէն կ՚անցնինք վերականգնումի, վերաշինութեան փուլին։  Այս  վերջինները, անշուշտ, տարբեր հանգրուան մըն են, մենք, որպէս  հայեր  ատոր մասնագէտը դարձած ենք։

Տխուր լուրերը չե՞ն վհատեցնէր. զոհերու, աւերներու, քանդումի լուրերը շատ են

Չպիտի ըսեմ, որ կը վհատեցնեն, այլ՝ կը նեղացնեն:Անկասկած, կը նեղացնեն: Հիմա մենք քանդումով մտայոգուած չենք, որովհետեւ պիտի կառուցենք, վերակառուցենք: Տարածքներու կորուստը, բնականաբար, վտանգաւոր է, այդ է, որ նեղութիւն կը պատճառէ: Մենք պիտի կեդրոնանանք դրականին վրայ:  Մի քանի կարեւոր վիճակներ կան, որ մենք պէտք է ունենանք, որպէսզի գոնէ, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքն ունենանք: Առաջինը՝ կամքն է: Ես կը կարծեմ՝ բոլորս կամք ունինք, բոլորս՝ միասնաբար, հայրենիքի, Արցախի ժողովուրդը, սփյուռքն այսօր ունի ա՛յդ կամքը՝ մղելու այս պատերազմը, որ պահենք մենք Արցախը:

Երկրորդ՝ վճռակամութիւնն է Վճռակամութիւնը կը զգանք  ամէն վայրկեան, ամէն կողմէ եւ կը տեսնենք բարձրաղաղակ կոչերը՝ հաստատ մնալու մեր ուզած, մեր պահանջած արդար իրաւունքին: Ես կը տեսնեմ այդ վճռականութիւնը, մէկը տեղի չի տար, մէկը չ՚ընկրկիր, մէկը ընկրկում չապրիր։

Եւ երրորդ՝ զոհողութիւնը:  Զոհողութեան ոգին կայ կրկին, ոմանք՝ նիւթականով, ոմանք իրենց կեանքով, արդէն կը տեսնենք նոր սերնդի հազարը անցնող երիտասարդներու զոհողութիւնը, անոնց արեան մղումը: Այս երեքը՝ կամքը, վճռականութիւնը եւ զոհողութիւնը մեզ կը խրախուսեն, եւ աւելի զօրաւոր կը կշռեն մեր լաւատեսութիւնը, խրախուսանքը, քան թէ դժուար լուրերը ընկալելու նեղութիւնը:

Ձեր կազմակերպութիւնը նոյնպէս առաջին օրէն կը գործէ: Առանձի՞ն կը գործեք, թէ՞ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի ճամբով:

Անշուշտ, համահայկական ուղին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցաւ, իր նպատակին հասնելու համար, քաջալերական է, գնահատելի է, եւ ես ուրախ եմ, որ որոշ չափով նոր ընթացքով կ՚ընթանայ այն: Մենք աննկատ չենք թողուր  կարելիութիւնը` մեր նման առաքելութիւններ ունեցող զանազան կազմակերպութիւններու հետ միասնաբար այս բեռը վերցնելու: Այդ առումով ալ  ծրագիրներ մշակենք, ինչը  կարեւոր է,  քանի որ հաւաքական աշխատանքը միշտ աւելի արդիւնաբեր է: Սակայն մեր ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ մի քանի ամսուայ կամ մի քանի տարուայ ներկայութիւն չէ. 1988-էն ի վեր Աւետարանչականը հայրենի հողին վրայ է, մենք արդէն ունինք հսկայական տարեկան պիւտճէ, հսկայական ծառայութիւններու ծրագիր եւ առաքելութիւն:  Այդ բոլորը պահելուն զուգահեռ առաւելապէս այսօր կը կեդրոնանանք Արցախէն տեղափոխուած մեր ժողովրդին վրայ: Մենք գիտակից ենք, որ ամենակարեւոր սերունդը մեզի համար մեր մանուկներն ու պատանիներն են, Արցախէն Հայաստան եկող զանգուածներու մէջ անոնք են:  Մշակած ենք ծրագիր մը եւ կը ջանանք գիտնալ, թէ ո՞ւր կը գտնուին մեր այս մանուկները, պատանիները,  կը ցանկագրենք զանոնք, որպէսզի անոնց պէտքերուն հասնինք:

Ուստի, երկու ուղղութեամբ ալ կ՚ընթանանք՝ ձեռք ձեռքի: Որքան որ յաջողութեան լոյսը տեսնենք, կը ջանանք միասնաբար աշխատիլ քոյր կազմակերպութիւններու հետ, առանց սակայն, մեր ուղիէն դուրս գալու, որովհետեւ մեր ծրագիրներն արդէն մեր երկարատեւ շրջանի առաքելութեան  մաս կը կազմեն:

Խօսեցաք մանուկներու մասին. մանուկներու տեղահանութիւնը, անոնց զրկուիլը մանկական աշխարհէն, դպրոցներէն, մանկապարտեզներէն եւ անոնց վերապրած սարսափը այսօր մասնագէտներ կը դիտարկեն իբրեւ մանուկներու իրաւունքներու ոտնահարում, բան կը, որուն հանդէպ անտարբեր է աշխարհը: Առհասարակ, այս հարցերուն առընթեր աշխարհի լռութեան, անտարբերութեան մասին շատ կը խօսի: Ձեր կարծիքով, ո՞րն է աշխարհի այսօրուայ նման կեցուածքի պատճառը:

-Աշխարհը վերջին մի քանի տասնամեակներուն իր կարգ ու կանոնը կորսնցուցած է: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ի վեր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն մը կար, գոյութիւն ունէր, եւ աշխարհի հարցերը հոն տարուելով ընդհանրապէս, որոշ չափով՝ բարւոք, ոչ բարւոք լուծում մը կը գտնէին: Ժամանակի ընթացքին ՄԱԿ-ի օրինական ուժը, զօրութիւնը, պարտաւորութիւնները բոլորը չքացան, օդը ցնդեցան, անուժ, ակռայ չունեցող կազմակերպութիւն մը դարձած է: Անոր ամենացայտուն օրինակները պաղեստինեան խնդրին  մէջ ալ կ՚երեւին. Անկէ ետք  կը տեսնենք, թէ ինչպէս նուազագոյնը տասը տարի է՝ Թուրքիան ապօրինի կերպով իր բոլոր դրացի երկիրներուն հետ պատերազմի, կռիւի մէջ է, խնդրի մէջ է, հաշտ չէ ամէն կողմանէ եւ ամէն անօրինական միջոց կը գործադրէ՝ տարածուելու, նոր երազներ սնուցանելու կայսերական, օսմանեան ծրագիրներ իրականացնելու համար: Այս բոլորը շատ ցաւալի է, եւ ընդհանրապէս, մեր երկիրն ալ՝ Միացեալ Նահանգները վերջին շրջանին այդպէս դարձած է, վերջին   չորս տարիներու ընթացքին մենք ալ ընդհանրապէս,  միջազգային օրէնքներ ոտնակոխող երկիր մը դարձանք: Եւ  երբ կարգ ու կանոն չկայ, անօրինակութեան  մէջ մարդիկ ալ աւելի կը կեդրոնանան իրենց անմիջական կարիքներուն, եւ այս պարագային՝ նիւթական եւ շօշափելի պէտքերու վրայ: Մարդիկ նիւթապաշտ դարձած են, երկիրներ նիւթապաշտ դարձած են, ամէն կողմ նիւթապաշտ դարձած է եւ ամէն մէկը ինքն իր պատեանին մէջ է, ինք իր շահերուն նայելով որեւէ մէկ ձեւով հետաքրքրուած չէ ուրիշին դժուարութիւններով: Անոր օրինակը տեսանք մօտ տասը տարի Սուրիոյ մէջ, Լիբանանի մէջ այսօր այդպէս է եւ ամենացայտուն օրինակն այսօր  Արցախն է: Կրկնեմ, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է ճանչցուի. Աշխարհը նման  տագնապներու լուծման վերաբերեալ տասնեակ օրինակներ ունի՝ Քոսովոն մեծագոյն օրինակն է, որու հիման վրայ աշխարհը կրնայ օրինականացնել Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը:  Ուրիշ օրինակներ ալ կան՝ Էրիթրեան բաժնուեցաւ Եթովպիայէն եւ անկախացաւ, ինքնորոշման իրաւունքով, Հարաւային Սուտանը նոյն ձեւով եւ այլն:  Ինչո՞ւ մենք՝ ոչ: Հոս ալ մենք դեր ունինք կատարելիք որպէս կազմակերպութիւն եւ որպէս ժողովուրդ: Այսօր, գոնէ պատերազմի սկիզբէն ի վէր կը ջանանք ամերիկացի ժողովրդին բացատրել  եւ ներկայացնել մեր վիճակը: Ամերիկացի ժողովուրդը բարի է, անոր մօտեցումն ընդհանրապէս, բարեմիտ է, բայց անտեղեակ է: Այն, ինչ որ կը սնուցուի հեռատեսիլի էջերէն, պաստառներէն, միայն այդ է, որ կը հետաքրքրէ անոր, եւ մենք հոն չենք: Բայց մենք կը ջանանք եկեղեցական ցանցով մօտենալ ամերիկեան զանազան եկեղեցիներու հասարակութեան եւ կը ջանանք անոնց ծանօթացնել այս դատը, մեր արդար դատը եւ թշնամիին անարդար յարձակումը: Եւ  այսպէս, այդ ժողովուրդին քով մեր ձայնի բարձրացումով, ինչպէս նաեւ քաղաքական աշխատանք տանող մեր Ուաշինկթընեան գրասենեակներու աշխատանքով յուսանք  յաջորդ Քոնկրէսի միջոցաւ գոնէ ամերիկեան պետականութեան ուշադրութիւնը որոշ չափով  մը դէպի մեզ, մեր դատի ուղղութեան վրայ հրաւիրել: Պէտք է յուսանք եւ աշխատինք,   դժուար է, այո, վիճակը դժուար է,  քիչ մըն ալ պէտք է համբերել եւ յուսալ:

Այսինքն հայութիւնը կրկին իր ուժին պիտի ապաւինի, իր կառոյցներուն, սփիւռքինԻնչպէ՞ս կը գնահատէք առհասարակ, սփիւռքի մասնակցութիւնն այս օրերու մեր պայքարին:

Հակառակ որ Սփիւռքի կարողականութիւնը շատ աւելին է, քան՝ ինչ որ ըրինք, բայց կարծեմ, Սփիւռքի ընդհանուր դիրքը պատիւ բերող դիրք մըն էր: Այսօր երկրագունդի վրայ անկիւն  մը չկայ, ուր հայութիւն կը գտնուի եւ ան ոտքի չկանգնեցաւ: Այս պարագային՝ ցոյցերով, բողոքներով, դատապարտումով, նիւթական աջակցութեամբ… Ամէն ձեւով գաղութներու մէջ տագնապը զգացուեցաւ եւ ճիշդ այդտէղէն կը սկսի, երբ տագնապինք, անպայման լուծումներու կը հանգինք: Ես կը կարծեմ՝ Սփիւռքը տագնապած է եւ տակաւին կը շարունակէ աջակցիլ հիմնադրամին, եւ նաեւ   իր  շուրջը գտնուող ժողովուրդներուն, պետականութիւններուն կը փորձէ խնդիրը հասցնել,  որպէսզի աւելի դրական արդիւնքներ ձեռք բերենք:

Ես ընդհանրապէս իմ ամերիկեան շրջանակներու մէջ հետեւեալ կարծիքը կը մղեմ ծանօթացնելու (առանց խրտչեցնելու մարդիկը).  թէ մենք նոր որբանոցներ եւ ծերանոցներ չենք փնտռԵր, մենք այսօր կարիքը ունինք ձեր դատապարտումին, ձեր օգնութեան, որպէսզի մենք մեր ուժով այս ճակատամարտը, այս պատերազմը շահինք: Այսօր կուզենք ձեր նեցուկը եւ թիկունքը ե ոչ վաղը՝ ձեր հիւանդանոցները, որբանոցները եւ ծերանոցները: Մարդիկ ա՛յս պէտք է հասկնան, վերջը ուշ է, այսօ՛ր է կարեւորը, որ մեզի ի նպաստ իրենց ձայնը բարձրացնեն, եւ եթէ ձայները շատ բարձրանան, ղեկավարներ չեն կրնար խուլ մնալ:

ԱՄՆ նախագահի նոր ընտրութիւնէն ետք յոյս կա՞յ, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը ի նպաստ հայութեան ըլլայ:

Ոչ միայն նախագահական ընտրութիւնները, ամերիկեան քաղաքական իրավիճակը չորս տարիներուն նաեւ իր հայելին դարձուց հայաշխարհը: Ամերիկահայութիւնը նոյնպէս խրամատի մէջ է, ես երբեք չեմ տեսած ամերիկահայութիւնը այսքան բաժնուած,  իր աջակցութիւնը բաժնած երկու խումբերու միջեւ եւ ինքզինքը կիսած հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու միջեւ:  Նախ ըսեմ, որ ի պատիւ հայ ժողովրդին, հակառակ այս ծայրայեղ հակասութեան, մեզ հետաքրքրող նիւթերու մէջ հայութիւնը միակամ է, այդ կարեւոր է: Հիմա ատկէ անդին միւս բաժանումը գուցէ պէտք է նկատել բարենպաստ վիճակ մը՝ յաջորդ ընտրութիւններու մէջ շահող, եկող նոր իշխանութիւններու առընչութեամբ: Որովհետեւ, ով որ ալ  շահի, կը թուի թէ մեզ որոշ մօտեցում մը ունի եւ որոշ աջակցող խմբակներու մօտ, մեզ մտիկ ընել տուող խողովակներ կամ կապեր կը մշակենք այս երկու խմբաւորումներուն հետ: Եւ ես լաւատես եմ ու կը հաւատամ, որ  այս ընտրութիւններէն ետք, երբ նոր Քոնկրէսը ընտրուի, մենք աւելի յաջող պիտի ըլլանք: Յաջորդ իշխանութիւնները, եթէ ոչ լիովին մեզի ի նպաստ, սակայն գուցէ որոշ չափով կասեցնող, պատժող, դատապարտող քաղաքականութիւն որդեգրեն՝ մեր  վրայ յարձակող թշնամին  սանձելու համար։

 

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment