Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճօ Պայտըն Ընտրուեցաւ Ամերիկայի 46-րդ Նախագահ

Ճօ Պայտըն Ընտրուեցաւ Ամերիկայի 46-րդ Նախագահ

by MassisPost

Երկար սպասումէ ետք, Շաբաթ առաւօտեան Ամերիկեան հեռատեսիլի ալիքները գրեթէ նոյն պահուն յայտարարեցի, որ Ճօ Պայտըն ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահ: Ճօ Պայտընի կողքին ընտրուեցաւ նաեւ Ամերիկայի պատմութեան առաջին կին եւ սեւամորթ փոխ նախագահը:

Այսպիսով Տանոլտ Թրամփը դարձաւ մէկ շրջանի նախագահ, պարագայ մը որ վերջին 50 տարիներուն պատահած է միայն երկու անգամ:

Պայտընի յաղթանակը յայտարարուելէ ետք հազարաւոր երիտասարդներ հաւաքուեցան Սպիտակ Տան շրջակայ պողոտաներուն վրայ՝ տօնելու Թրամփի պարտութիւնը: Ցնծութեան նոյնանման արտայայտութիւններ սկսան այլ քաղաքներու մէջ եւս:

Երեկոյեան կը սպասուի նորընտիր նախագահի յաղթանակի պատգամը՝ ուղղուած Ամերիկացի ժողովուրդին:

Նախագահ Թրամփ առայժմ կը մերժէ ընդունիլ իր պարտութիւնը եւ կը խոստանայ դատարաններու միջոցաւ վիճարկել ընտրութիւններու արդիւնքները: Քաղաքական շրջանակներու կարծիքով այդ փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան նկատի առնելով որ, Պայտընի առաւելութիւնը աւելի ամրապնդուեցաւ երբ ան տիրացաւ Փենսիլվանիայի եւ Նեվատայի ընտրական ձայներուն եւ առաջ է Ճորճիայի եւ Արիզոնայի մէջ:

Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը մեծ գոհունակութիւն յառաջացուց յատկապէս Եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ, որոնց ղեկավարները չուշացան շնորհաւորելու նորընտիր նախագահին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment