Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ժընեւեան Բանակցութիւններէն Առաջ Երեւանի Ու Ստեփանակերտի Մէջ Կը Կարեւորեն Հրադադարի Պահպանումը

Ժընեւեան Բանակցութիւններէն Առաջ Երեւանի Ու Ստեփանակերտի Մէջ Կը Կարեւորեն Հրադադարի Պահպանումը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 29-ին Ժընեւի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն առաջ Երեւանի ու Ստեփանակերտի մէջ կը կարծեն, որ հայկական կողմի համար առաջնային պէտք է ըլլայ հրադադարի պահպանման հարցը։

Արցախի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդական Դաւիթ Պապայեան Ստեփանակերտէն «Ազատութիւն»ին հեռախօսով հաղորդած է, որ հրադադարի պահպանումը թոյլ կու տայ խնդիրը վերստին տեղափոխել դիւանագիտական հարթութիւն․ – «Այս պահի դրութեամբ ամենակարեւորն է, որ այս հրադադարի ռեժիմը պահպանուի։ Որովհետեւ փաստօրէն երեք համանախագահող երկրները մեծ ջանքեր են գործադրել, մասնաւորապէս Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ը, որպէսզի այս զինադադարը հաստատուի։ Այս երրորդ զինադադարը, որի համաձայնութիւնը եղաւ երէկ (Հոկտեմբեր 25), առաւօտեան 8-ից արդէն մտաւ ուժի մէջ, պէտք է նաեւ պահպանուի։ Հիմա կը տեսնենք ինչ ձեւով է դա տեղի ունենում։ Սպասել Ժընեւի հանդիպումից, իմ կարծիքով, մեծ բեկում, դեռեւս վաղաժամ է, բայց կարող է հիմք դրուել հետագայ բանակցութիւնների համար»։

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու տարածած յայտարարութեան համաձայն, Ուաշինկթընի մէջ ղարաբաղեան հարցով տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք համանախագահները եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են անգամ մը եւս հանդիպիլ՝ Հոկտեմբեր 29-ին Ժընեւի մէջ, հասնիլ համաձայնութեան եւ ժամանակացոյցով, որ դեռ պէտք է ընդունուի, սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու գործընթացը, համաձայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու համար ընդունելի հիմնարար սկզբունքներու:

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանի խօսքով, բանակցութիւններու ելքի վրայ մեծապէս պիտի ազդէ ռազմաճակատին վրայ առկայ իրավիճակը․ – «Որքան յայտնի է, Ժընեւում քննարկուելու է հրադադարի վերահսկման մեքենականութիւնների հարցը։ Կարծես թէ դա է լինելու հիմնականը։ Այդ մեքենականութիւնների հարցում, երեւի թէ, նուազագոյնը պէտք է պնդել 1994 թուականի հրադադարի համաձայնագրին վերադառնալու հանգամանքը։ Որքանով է դա իրատեսական՝ այլ հարց է, բայց, կարծում եմ, հայկական կողմը այս առումով պէտք է բաւական կոշտ դնի իր նշաձողերը, առաւելագոյնս դնի իր նշաձողերը՝ անհրաժեշտ նուազագոյնները հետապնդելու եւ սահմանելու համար։ Իրավիճակը ի հարկէ չափազանց բարդ է, եւ էս առումով, կարծում եմ, հայկական կողմի համար նուազագոյն խնդիրը ճիշդ դա է՝ շատ յստակ սահմանել հրադադարի վերահսկման մեքենականութիւնները»։

Դաւիթ Պապայեան յիշեցուցած է, որ հայկական կողմերու համար կան կարմիր գիծեր․ – «Կարմիր գիծը շատ պարզ է՝ Արցախը չի կարող լինել Ատրպէյճանի կազմում։ Սա նշանակում է ե՛ւ համապատասխան կարգավիճակը, ե՛ւ անվտանգութեան երաշխիքներ»։

Յակոբ Պատալեանի խօսքով եւս, Հայաստանի համար կարմիր գիծը Արցախի կարգավիճակի հարցն է․ – «Եթէ մենք խօսում ենք ընդհանրապէս քաղաքական բովանդակութեան տեսանկիւնից, ապա այստեղ շատ յստակ է, որ հայկական կողմը չպէտք է նահանջի կարգավիճակից։ Այսինքն՝ Արցախի ճանաչման եւ այդ օրակարգ բերուող «անջատում յանուն փրկութեան» տրամաբանութիւնը պէտք է լինի մեր կարմիր գիծը, որից նահանջը պէտք է լինի անթոյլատրելի քաղաքական իմաստով։ Մնացեալ առումով կարմիր գծերը, ես կարծում եմ, որ գծւում են ռազմաճակատում, եւ ռազմաճակատում մեր յաջողութիւններն են պայմանաւորելու, թէ մենք քաղաքական առումով ինչպիսի նշաձողեր կարող ենք դնել մեր առաջ եւ փորձել հասնել այդ նշաձողերին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment