Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Յարութիւնեան Կոչ Ըրած է Փութինին Գործադրել Բոլոր Ջանքերը` Պատերազմի Դադրեցման եւ Քաղաքական Գործընթացներու Վերսկսման Ուղղութեամբ

Յարութիւնեան Կոչ Ըրած է Փութինին Գործադրել Բոլոր Ջանքերը` Պատերազմի Դադրեցման եւ Քաղաքական Գործընթացներու Վերսկսման Ուղղութեամբ

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան բաց նամակ յղած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Յարութիւնեան կոչ ըրած է գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ պատերազմի դադրեցման եւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման ուղղութեամբ:

Նամակի առաջին մասը ան գրած է, որ Արցախ-Ռուսաստան առնչութիւնները դարերու պատմութիւն ունին, յիշեցուցած է պատմութիւնը, յիշեցուցած, որ ԽՍՀՄ հայազգի հինգ մարշալները արմատներով Արցախէն էին: Յարութիւնեանի խօսքով` Արցախ-Ռուսաստան սերտ առնչութիւնները կը շարունակուին ցայսօր:

«Կը ցանկանայի յատուկ շեշտել, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերում ՌԴ-ն իրացրել է միջազգային իրաւունքով սահմանուած ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման եւ հակամարտութիւնների խաղաղ կարգաւորման սկզբունքի օգտին ունեցած գործելակերպը: Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում ՌԴ-ն հանդէս է գալիս թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափում եւ թէ՛ առանձին դերակատարութեամբ», – գրած է Արցախի նախագահը` շեշտելով, որ բարձր կը գնահատեն Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերը, աշխոյժ դերակատարութիւնը եւ որոշիչ առաքելութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն:

«Բարձր ենք գնահատում ՌԴ եւ անձամբ ձեր դիւանագիտական գործուն ջանքերն՝ ուղղուած Ատրպէյճանի կողմից Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման եւ լայնածաւալ պատերազմը կանգնեցնելուն: Ուզում եմ նաեւ ձեզ տեղեկացնել, որ Արցախի Հանրապետութիւնում եւ ողջ հայութեան շրջանում մեծ արձագանգ են ստացել «Վալտայ» ակումբում ձեր ելոյթում հնչած առարկայական գնահատականները ստեղծուած իրավիճակի մասին:

Դուք այն անհատականութիւնը եւ պետութեան ղեկավարն էք, ով ունի հսկայական հեղինակութիւն աշխարհում եւ մեր տարածաշրջանում: Հաշուի առնելով այդ ամէնը, խնդրում ենք ձեզ գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերն ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում պատերազմի դադարեցման եւ քաղաքական գործընթացների վերսկսման ուղղութեամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment