Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ-ը Հայաստանին Ռազմական Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Երկրին Դէմ Յարձակման Պարագային

ՀԱՊԿ-ը Հայաստանին Ռազմական Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Երկրին Դէմ Յարձակման Պարագային

by MassisPost

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) ռազմական օգնութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին, երկրի տարածքային ամբողջականութեան իրական սպառնալիքի պարագային: Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնբրէս»-ը, այս մասին ըսած է ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զասը:

«Երբ իրական սպառնալիքներ կը ստեղծուին ՀԱՊԿ-ի անդամ իւրաքանչիւր երկրի անվտանգութեան, կայունութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար, այդ պարագային այդ երկիրը իրաւունք ունի դիմելու ՀԱՊԿ, գործի կը դրուի միջպետական, անոր կարգին՝ արտակարգ խորհրդակցութեան մեքենականութիւնը եւ կը տրամադրուի անհրաժեշտ օգնութիւնը կամ աջակցութիւնը այդ պետութեան՝ իր դիմումին համապատասխան»,- ըսած է Զասը:

Զասի խօսքով՝ երկրորդ նման իրավիճակը յարձակումն է, այսինքն՝ ռազմական յարձակումը: Զաս ընդգծած է, որ այդ կը դիտարկուի, որպէս յարձակում կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւններու դէմ, եւ այդ պարագային նոյնպէս յարձակումի առարկայ երկրի դիմումի հիման վրայ անյապաղ կը ցուցաբերուի ցանկացած օգնութիւն, անոր կարգին՝ ռազմական: «Այդպիսի դէպքերուն, կը գործադրուի ՀԱՊԿ արձագանգման ռեժիմը»,- ըսած է Սթանիսլաւ Զասը:

ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը ընդգծած է, որ կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ նախատեսուած են այդպիսի անհրաժեշտութեան պարագային անդամ երկիրներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համապատասխան միջոցառումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment