Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հակառակորդը Ճեպրայիլի Մատոյցներէն Գումարտակի Կազմով Դիմած Է Փախուստի, Կը Հաղորդէ ՀՀ ՊՆ Խօսնակը

Հակառակորդը Ճեպրայիլի Մատոյցներէն Գումարտակի Կազմով Դիմած Է Փախուստի, Կը Հաղորդէ ՀՀ ՊՆ Խօսնակը

by MassisPost

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակը կայուն-լարուած էր, կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը:

«Վաղ առաւօտեան ժամը 08:30-ի շրջանում հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդը կեդրոնացման շրջանից գրոհի փորձ է ձեռնարկել, սակայն, կորցնելով երեք միաւոր ռազմական զրահամեքենայ եւ տալով աւելի քան քսան զոհ ու վիրաւոր, Ճեպրայիլի մատոյցներից գումարտակի կազմով դիմել է փախուստի», – կը գրէ Շուշան Ստեփանեան դիմատետրով:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, կը հաղորդէ, որ գիշերը հակամարտութեան առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւններ եւ հրթիռահրետանային հարուածներ: «Ներկայ պահին հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններում վերսկսուել են մարտական գործողութիւնները: Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները շարունակում են վստահօրէն տիրապետել իրադրութեանը եւ իրենց հմուտ գործողութիւններով ճնշում հակառակորդի աշխուժութիւնը», – առաւօտեան հաղորդած է Արցախի ռազմական գերատեսչութիւնը:

Armenia tanks

Գիշերուայ ընթացքին Ստեփանակերտի հրթիռակոծութիւնը շարունակուած է: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն Արցախի մայրաքաղաքի, Շուշիի, Հատրութի եւ այլ բնակավայրերու երէկուայ հրթիռահրետակոծման հետեւանքով կան տասնեակ տուժածներ։

Ատրպէյճանական կողմը իր ռազմական կորուստները չի հրապարակեր: Պաքուն օրեր առաջ հաղորդած էր ռազմաճակատի որոշ հատուածներու, անոնց կարգին՝ Մատաղիսի, Ճեպրայիլի շրջաններուն իր զօրքերու առաջընթացի եւ յաջողութիւններու մասին, ինչ որ հայկական կողմը հերքած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment