Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 199-ով, Բուժուածներունը՝ 431-ով, Գրանցուած Է Մահուան 2 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 199-ով, Բուժուածներունը՝ 431-ով, Գրանցուած Է Մահուան 2 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 199-ով՝ հասնելով 45 152-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 2 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Սեպտեմբեր 9-ի ժամը 11-ի սահմաններու կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 431-ով եւ հասած 41 023-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 3 518 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 224 559-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է որ հիւանդները ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 3 դէպք, երբ հիւանդներու մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով»:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացողներու ընդհանուր թիւը հասաւ 905-ի, եւս 279 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուի 2945 մարդ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment