Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ստորագրուած Է Սու-25-Ի Արդիականացման Հայ-Ռուսական Պայմանագիր

Ստորագրուած Է Սու-25-Ի Արդիականացման Հայ-Ռուսական Պայմանագիր

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ռուսաստանի «Միաւորուած աւիաշինարարական (օդանաւի շինարարական) ընկերութեան» միջեւ ստորագրուած է Սու-25-ի արդիականացման եւ վերանորոգման պայմանագիր։  Պայմանագիրը կնքուած է «Փաթրիոթ» քոնկրես-ցուցահանդէսային կեդրոնը՝ «Բանակ-2020» միջազգային ռազմամեքենաներու համաժողովի ծիրէն ներս:

Ինչպէս տեղեկացուցին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն, փաստաթուղթը ստորագրած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ՝ Մակար Ղամպարեանը  եւ «Միաւորուած աւիաշինարարական ընկերութիւն» ՀԲԸ գլխաւոր տնօրէնի վաճառքի եւ առեւտուրի  գծով տեղակալ՝ Իլեա Թարասենքոն:

«Բանակ-2020»-ի ընթացքին կնքուած պայմանագիրը կը հաստատէ օդային մեքենաներու արդիականացման եւ աւելի վաղ թողարկուած ինքնաթիռներու ամբողջական կենսական շրջանի պահպանման «Միաւորուած աւիաշինարարական ընկերութեան» իրաւասութիւնը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment