Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Լրացուցիչ 1,4 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Հայաստանին COVID-19-ի Դէմ Պայքարին Համար

ԱՄՆ-ը Լրացուցիչ 1,4 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Հայաստանին COVID-19-ի Դէմ Պայքարին Համար

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ ԱՄՆ-ի Պետական  քարտուղարութեան գրասենեակի եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ԱՄՆ ՄԶԳ, USAID) միջոցով լրացուցիչ 1 միլիոն 436 հազար տոլար յատկացուցած է Հայաստանին՝ COVID-19-ի դէմ պայքարին համար։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան գրասենեակէն:

«Ընդհանուր առմամբ, ԱՄՆ կառավարութիւնը Հայաստանին մօտ 4 միլիոն տոլարի հրատապ օգնութիւն տրամադրած է 2020 թուականին: Միացեալ Նահանգները կը տրամադրէ կենսական անհրաժեշտութեան աջակցութիւն, գործակցելով ՀՀ կառավարութեան, միջազգային մարդասիրական գործընկերներու եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ, բացայայտելու ներդրումի կարիք ունեցող ոլորտները ըստ առաջնահերթութեան», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ԱՄՆ-ի ՄԶԳ-ն այս նոր՝ 1 միլիոն տոլարի օժանդակութեամբ, կ’աջակցի գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն տնտեսապէս վերականգնուելու  համավարակէն եւ յարմարեցնելու կարիքները յետ «Քորոնա» ժահրային աշխարհի իրողութիւններուն:

Պետական  Քարտուղարութեան գրասենեակի կողմէն տրամադրուող յաւելեալ 436 հազար տոլարը կը յատկացուի այն խոցելի գաղթականներու կարիքներուն բաւարարման, որոնք համավարակի պատճառով չեն կրնար վերադառնալ իրենց մշտական բնակավայրը։ Այս օժանդակութեան շնորհիւ անոնք կ’ունենան կացարան, մթերք, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն, օգտուելու բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններէն, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի COVID-19 համավարակի դէմ պայքարին համար տրամադրուած վերոնշեալ աջակցութենէն՝ անցնող 20 տարիներու ընթացքին, Միացեալ Նահանգները Հայաստանի մէջ ներդրած է աւելի քան 1,57 միլիառ տոլար, որմէ մօտ 106 միլիոն տոլարը՝ առողջապահութեան ոլորտէն ներս:

«Տասնամեակներ շարունակ Միացեալ Նահանգները եղած է առողջապահութեան ոլորտի երկկողմանի օժանդակութեան աշխարհի խոշորագոյն տրամադրողը: 2009 թուականէն ի վեր, ամերիկացի հարկ վճարողներու առատաձեռն ֆինանսաւորումով, տրամադրուած է աւելի քան 100 միլիառ տոլարի համաշխարհային առողջապահական օժանդակութիւն եւ գրեթէ 70 միլիառ տոլարի մարդասիրական օգնութիւն», – նաեւ կը փոխանցէ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը:

Հայաստանի մէջ մինչ օրս «Քորոնա» ժահրի վարակը հաստատուած է մօտ 43 հազար մարդու մօտ, հիւանդութենէն մահացած է 854, ապաքինուած՝ աւելի քան 36 հազար մարդ: COVID-19-էն տուեալ պահուն երկրին մէջ կը բուժուի 5 666 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment