Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են Հայ-Ատրպէյճանական Լարուածութիւնը

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են Հայ-Ատրպէյճանական Լարուածութիւնը

by MassisPost

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են իրավիճակի սրացումը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ: Զրոյցը կայացած է թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ, հաղորդած է Քրեմլինը, աւելցնելով, թէ Վլատիմիր Փութինը ընդգծած է լարուածութեան սրացման նպաստող որեւէ գործողութիւն կանխելու կարեւորութիւնը:

Հեռախօսազրոյցէն առաջ հաղորդուած էր, որ թրքական բանակը կը պատրաստուի քանի մը օրէն Ատրպէյճանի հետ համատեղ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կատարել Հայաստանի սահմանէն քիչ հեռու, Նախիջեւանի տարածքին մէջ: «Վարժանքներուն մէջ կը ներգրաւուին հրետանիի կայանքներ, ականանետեր, մարտական օդային եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր», – նշած էր ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում Անդրկովկասին մէջ տիրող իրավիճակի շուրջ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութեան սրման համաթեքսթով: Երկու կողմն ալ նշած են, որ շահագրգռուած են հակամարտութիւնը կարգաւորել բացառապէս խաղաղ միջոցներով եւ բանակցութիւններով», – յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահական նստավայրը: Ըստ Քրեմլինի, կողմերը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած են համակարգելու ջանքերը՝ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացնելու նպատակով:

Մոսկուան, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին արդէն երկրորդ անգամն է որ հրապարակաւ կը յորդորէ Անքարան նպաստել հայ-ատրպէյճանական լարուածութեան թուլացման: Քանի մը օր առաջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը այս թեման բարձրացրուցած էր թուրք գործընկերոջ հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ: «Մոսկուան ընդգծած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հարցին հաւասարակշիռ մօտեցում որդեգրելու եւ կողմերուն վրայ զսպող ազդեցութիւն թողնելու կարեւորութիւնը», – հաղորդած էր Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment