Ուրուկուէյի նախագահ՝ Լուիս Լատալէ Փոույի Ազգային կուսակցութեան վարչութիւնը յատուկ յայտարարութիւն հրապարակած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ կատարուող պատերազմական գործողութիւններու կապակցութեամբ: Աւանդական ազգային «Ճերմակ» իշխող կուսակցութիւնը կոչ ըրած է երկու կողմերուն յարգելու միջազգային պայմանաւորուածութիւնները եւ խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ, հիմնուած ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:
Իր հերթին, իշխանութեան մաս կազմող միւս աւանդական «Քոլորատօ» կուսակցութեան գործադիր կոմիտէի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի դէմ մերժուած են, եւ կոչ կ’ուղղուի դադրեցնելու պատերազմական հռետորաբանութիւնը եւ բանակցութիւններու միջոցով հասնիլ խաղաղութեան: «Քոլորատօ» կուսակցութիւնը, որ իշխած է Ուրուկուէյի մէջ աւելի քան մէկ դար, իր զօրակցութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին, որ իրաւունք ունի ազատութեան եւ խաղաղութեան պայմաններու մէջ իրագործել իր ինքնիշխանութիւնը:
Ընդդիմադիր ձախակողմեան «Ժողովրդական միաւորում» կուսակցութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ ատրպէյճանական այս յարձակումները լայնածաւալ պատերազմ սկսելու վտանգ կը պարունակեն տարածաշրջանի մը մէջ, ուր մշտապէս անկայունութիւն կը տիրէ: Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի ինքնորոշ ըլլալու, եւ պէտք չէ մոռնալ, որ ամբողջ մարդկութիւնը պարտք ունի հայ ժողովուրդի հանդէպ, որու դէմ կատարուած է ցեղասպանութիւն անցեալ դարու սկիզբը, նշած է «Ժողովրդական միաւորում» կուսակցութիւնը:
Յիշեցնենք, որ իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ կտրուկ սրուած է Յուլիս 12-ին, երբ ատրպէյճանցի զինծառայողները ՈւԱԶ-ով պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են: Անցեալ շաբաթ մարտական գործողութիւններու հետեւանքով, պաշտօնական տուեալներով, ատրպէյճանական կողմէն զոհուած է 12 զինուորական, անոնց կարգին՝ զօրավար, գնդապետ եւ այլ բարձրաստիճան սպաներ, ու մէկ քաղաքացիական անձ, հայկական կողմէն՝ 4 զինուորական, որոնցմէ երկուքը՝ սպաներ: