Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը ՍԴ Դատաւորի Պաշտօնի Համար Առաջադրած Է Վահրամ Աւետիսեանի Թեկնածութիւնը

Կառավարութիւնը ՍԴ Դատաւորի Պաշտօնի Համար Առաջադրած Է Վահրամ Աւետիսեանի Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Կառավարութիւնը այսօրուայ՝ Յուլիս 23-ի նիստին, Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու առաջադրեց իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր՝ Վահրամ Աւետիսեանը։

Թեկնածուն վստահեցուց, որ խորհրդարանի կողմէն ընտրուելու պարագային, առաւելագոյն չափով պիտի ապահովէ Բարձր դատարանի դատաւորի անկախութիւնը, ապաքաղաքականացուածութիւնն ու անաչառութիւնը։ Ըսաւ նաեւ, որ Սահմանադրական Դաարանի (ՍԴ) դատաւոր ըլլալու պարագային կը պատրաստուի նաեւ ապահովել ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ զարգացման գործով Սահմանադրական դատարանի դերակատարութիւնը։

«Սահմանադրական դատարանը, հիմքում ունենալով անհատի հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, պէտք է գործի այդ տրամաբանութեանը զուգահեռ եւ արդիւնաւէտ կերպով ապահովի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնների ներդաշնակ գործունէութիւնը, օրինաչափական ակտերի-գործերի սահմանադրականութեան որոշման արդիւնաւէտ գործընթաց», – նշեց Աւետիսեան:

Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածուն Երեւանի պետական համալսարանի Քաղաքացիական իրաւունքի ամպիոն վարիչն է, դասաւանդել սկսած է 2002 թուականէն: Աշխատած է նաեւ դատախազութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր հատուածին մէջ. – «Կարծում եմ, որ ունեմ անհրաժեշտ մասնագիտական գիտելիքներ, կենսափորձ եւ անհրաժեշտ սկզբունքայնութիւն, որպէսզի կարողանամ պատշաճ ձեւով իրականացնել Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պարտականութիւնները»:

Առաջիկային պէտք է ընտրուեն ՍԴ դատարանի եւս 2 դատաւորներ։ Թափուր տեղերու համար առաջադրանքները սկսած են Յունիս 27-էն: Յաջորդ թեկնածուն նախագահը պիտի առաջադրէ, երրորդը` Դատաւորներու ընդհանուր ժողովը։

Ինչպէս յայտնի է, սահմանադրական փոփոխութիւններով դատաւորի պաշտօնէն հեռացուած են 12 տարի պաշտօնավարած Ալվինա Կիւլումեանը, Ֆելիքս Թոխեանն ու Հրանդ Նազարեանը, իսկ Հրայր Թովմասեանը զրկուած է ՍԴ նախագահի պաշտօնէն՝ մնալով դատաւորի կարգավիճակի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment