Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 554-ով, Բուժուածներունը՝ 583-ով, Գրանցուած Է Մահուան 15 Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 554-ով, Բուժուածներունը՝ 583-ով, Գրանցուած Է Մահուան 15 Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 554-ով՝ հասնելով 33559-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 15 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Յուլիս 16-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 583-ով եւ հասած 21931-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 2190 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 141410-ի:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 607-ի, եւս 189 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տվեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուի 10832 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment