Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայք Փոմփէօն Պաքուին ու Երեւանին Կոչ Ըրած Է Դադրեցնելու Կրակը եւ Վերսկսելու Բանակցութիւնները

Մայք Փոմփէօն Պաքուին ու Երեւանին Կոչ Ըրած Է Դադրեցնելու Կրակը եւ Վերսկսելու Բանակցութիւնները

by MassisPost

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար՝ Մայք Փոմփէօն երէկ կայացած ճեպազրոյցին, Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրած է անյապաղ թուլացնելու լարուածութիւնը սահմանին վրայ եւ վերականգնելու բանակցութիւններն ու դադրեցնելու կրակը։

«ԱՄՆ-ը խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանին մահաբեր բռնութենէն, մենք ցաւակցութիւն կը յայտնենք բոլոր զոհերուն կապակցութեամբ եւ կողմերուն կոչ կ’ընենք անյապաղ թուլացնելու լարուածութիւնը եւ վերականգնելու բովանդակային երկխօսութիւնը եւ դադրեցնելու կրակը, Մինսքի խումբի հետ բանակցութիւնները սկսելու համար, որպէս համանախագահներ», – ըսած է Փոմփէօն։

Մինսքի խումբի միւս երկու համանախագահները նոյնպէս անդրադարձած են Հայաստանի Տաւուշի մարզի եւ Ատրպէյճանի Թովուզի շրջանի սահմանագծին Յուլիս 12-14-ին տեղի ունեցած բախումին, որու հետեւանքով երկու կողմէն առնուազն 16 մարդ զոհուած է ։

«Ֆրանսան կը դատապարտէ ռազմական ընդհարումները, որ տեղի կ’ունենան կիրակի օրուընէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին վրայ ու յանգեցուցած են մարդկային զոհերու։ Երկու կողմերուն կոչ կ’ընենք պահպանելու կրակի դադրեցման ռեժիմը եւ վերականգնելու երկխօսութիւնը լարուածութենէն խուսափելու համար։ Հանդիսանալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ՝ Ֆրանսան Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի իր գործընկերներու հետ կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման միջազգային նորմերուն համապատասխան», – նշուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Յուլիս 15-ի յայտարարութեան մէջ։

Փարիզ տեղի ունեցած միջադէպի կապակցութեամբ, Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը երէկ հրաւիրուած  է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրեն բողոքի նոթ փոխանցուած է։ Պաքուն կը պնդէ, թէ Յուլիս 14-ին Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու բողոքի  ցոյցը բռնութիւն էր, որ խախտած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագիրը։

Մինսքի խումբի երրորդ համանախագահ՝ Ռուսաստանը եւս կողմերուն զսպուածութեան ու հրադադարի կոչ ըրած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment