Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արսէն Թորոսեան․ «Հակահամաճարակային Շարժումը Դանդաղօրէն Արդիւնք Կու Տայ»

Արսէն Թորոսեան․ «Հակահամաճարակային Շարժումը Դանդաղօրէն Արդիւնք Կու Տայ»

by MassisPost

«Հակահամաճարակային շարժումը դանդաղ արդիւնք է տալիս», – ֆէյսպուքեան գրառումով տեղեկացուցած է Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան եւ ներկայացուցած է աղիւսակ, COVID-19-ի կանխատեսուած ու իրական թիւերու վերաբերեալ. Յունիս 13-ին կը սպասուէր, որ հատէինք 20 հազար վարակակիրներու շեմը, մինչդեռ այսօր ունինք 18033 վարակակիր։

«Չնայած մեծ բացարձակ թուերին, վերջին 10 օրերի համաճարակաբանական միտումները աւելի դրական են, քան կանխատեսուած էր: Աճի տեմպի ընթացքի նուազման նման միտումների պատճառը կարող է լինել միայն մեր վարքագիծը, հակահամաճարակային պարզ կանոնների պահպանումը», – գրած է նախարարը:

«Այս թուային փոփոխութեան արդիւնքում 60 մահ պակաս կ’արձանագրենք, քան կանխատեսուում էր, այսինքն՝ սրանով 60 մարդու կեանք է փրկուել», – վարչապետ Փաշինեանը աւելի ուշ դարձեալ ֆէյսպուքեան գրառումով շեշտած էր, աւելցնելով, որ վարակի դէպքպերը 3500-ով պակաս են կանխատեսուածէն, վերջին տասը օրերուն կանոնները պահպանող մարդոց շնորհիւ:

«Քորոնա» ժահրի 544 նոր դէպք գրանցուած է վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հետազօտուածներէն: Ընդհանուր առմամբ՝ Հայաստան արդէն 18033 մարդ COVID-19-ով վարակուած է, որոնցմէ ապաքինուած են 6714-ը, մահացած 302 քաղաքացի, որոցմէ 9-ը` վերջին մէկ օրուայ մէջ: Երէկ մահացածներուն ամենաերիտասարդը 42-ամեայ տղամարդ է: Եւս 3 քաղաքացի մահացած է այլ հիւանդութեան պատճառով, բայց նաեւ հաստատուած «Քորոնա» ժահր ունեցած է:

Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան վստահեցուց, որ ծանր վիճակով տունը գտնուող ու հիւանդանոց փոխադրուելու սպասող վարակակիրներ այս պահուն չկան:

covid-06-17

Յունիս 17-ի դրութեամբ՝ Կը բուժուին 10818 քաղաքացի, որոնց կէսէն աւելին կը բուժուին տունը: Վարակակիրներ կ’ընդունին 17 բժշկական կեդրոն, զուգահեռ նոր մահճակալներ կը ծաւալուին մարզերը: «Արաբկիր» բժշկական կեդրոն մեկուսարան բացուած է COVID-19-ի կասկածով փոքրիկներուն համար. կրնան այստեղ մեկուսանալ մայրիկներուն հետ, մինչեւ ստանան հետազօտութեան պատասխանը:

Համաճարակաբար, Բժշկական համալսարանի համաճարակաբանութեան ամպիոնի դասախօս՝ Արման Պատալեան կ’առաջարկէ, որ համաճարակային վիճակի կտրուկ փոփոխութիւն առայժմ չսպասել: Նախ հնարաւոր չէ ֆիքսել նշանակել յստակ օր, որմէ յետոյ բոլորը սկսած են դիմակներ կրել. – «Ստեղ նաեւ ճիշդ կրելու խնդիրը կայ: Ուղղակի կրելը չէ… Դա միանգամից իր ազդեցութիւնը իմ անձնական կարծիքով, չէր ունենայ: Սա նոր ներդրուող մշակոյթ ա, որը քայլ առ քայլ իր արդիւնքը կու տայ»:

Պատալեան կարեւոր կը համարէ նաեւ հաղորդակիցներու մեկուսացման ու անոնց շարժումը սահմանափակելու հարցը: Առանց ասոր, ըստ Արման Պատալեանի, վարակը կառավարել կարելի չէ։  Վտանգաւոր կը համարէ վերջին օրերու հաւաքները. – «Հաւաքները ինքնին եւ ընկերային հեռաւորութեան խախտումը, անգամ դիմակով, համաճարակաբանական տեսանկիւնից, բնականաբար,  վտանգը բարձրացնում է»:

Ի դէպ, ինչպէս Արդարադատութեան նախարարը հաստատած էր, քրէակատարողական հիմնարկները կը շարունակեն մնալ ամենաապահովը COVID-19-ի առումով։ Ռուստամ Պատասեան խորհրդարանական հարցուպատասխանի ժամանակ տեղեկացուց, որ ընդամէնը մէկ դէպք գրանցուած է. – «Մեկուսացուած է դատապարտեալների հիւանդանոցում: Իսկ դատապարտեալների հիւանդանոցում հենց միանգամից մեր կողմից երկու մասնաշէնք առանձնացուել էր հենց այդ նպատակներով»:

Թէ՛ համաճարակաբան-մասնագէտներու ու թէ՛ իշխանութիւններու գնահատականը նոյնն է, «Քորոնա»յի իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ: Յորդորը նոյնպէս անփոփոխ է՝ դիմակ կրել, իրարմէ հեռաւորութիւն պահել ու ախտահանել ձեռքերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment