Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Չի Կրնար Անտարբեր Մնալ Լիբանանահայ Համայնքի Խնդիրներուն Նկատմամբ. Արտաքին Գործոց Նախարար

Հայաստան Չի Կրնար Անտարբեր Մնալ Լիբանանահայ Համայնքի Խնդիրներուն Նկատմամբ. Արտաքին Գործոց Նախարար

by MassisPost

Հայաստան չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ ու դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով մշտական կապի մէջ է համայնքային բոլոր կառոյցներուն հետ: «Արմէնփրես»–ի հաղորդումով՝ այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան, Ազգային Ժողովին, կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ պատասխանելով «Լուսաւոր Հայաստան»-էն Տարօն Սիմոնեանի հարցումին:

Տարօն Սիմոնեան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ հայկական համայնքը բաւական լուրջ խնդիրներու առջեւ է եւ Լիբանանի մէջ շատ լուրջ տնտեսական ճգնաժամ կը տիրէ: Ան հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք ՀՀ-ն այս առնչութեամբ որեւէ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ լիբանանահայ համայնքին:

«Հայաստանը չի կարող անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրների նկատմամբ, մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով մշտական կապի մէջ ենք համայնքային բոլոր կառոյցների հետ եւ շարունակելու ենք այդ երկխօսութիւնը, շարունակելու ենք հետեւել հետագայ զարգացումներին:   Լիբանանահայ մեր հայրենակիցների ընկերային-տնտեսական վիճակն, ընդհանուր առմամբ,  իրապէս բաւականին ճգնաժամային է:  Հայաստանը եղել եւ մնում է իւրաքանչիւր հայի հայրենիքն, ով ընտրում է ապրել Հայաստանում: Այդ առումով մենք շարունակելու ենք աշխատել եւ պատրաստել այն անհրաժեշտ հիմքը, որ հնարաւորութիւն կու տայ արձագանգելու»,-ըսաւ  նախարարը ու նշեց, որ անմիջական օգնութեան առումով կ’անդրադառնան, երբ աւելի շատ յստակութիւն ըլլայ:

Պատգամաւորը նշեց, որ Լիբանանի մէջ հակահայ տրամադրութիւնները կը խրախուսուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, հետաքրքրուեցաւ նախարարի տեսակէտով:

Նախարարը պատասխանեց, որ ատելութեան խօսքի իւրաքանչիւր նշանակալի դսրեւորում առանձնայաատուկ մտահոգութեան տեղիք կու տայ: «Կրօնական  եւ ցեղային, խտրականութիւն ու ատելութիւն պարունակող որեւէ խօսք սպառնալիք է ներկայացնում առաջին հերթին բարեկամ Լիբանանի ներքին կայունութեան, պետական կառուցուածքի եւ հասարակական համակեցութեան հիմնարար արժէքների համար: Վստահ ենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ հանրութիւնը եւ ոչ միայն լիբանանահայութիւնը, խստօրէն հակազդելու են նման ցանկացած դրսեւորումների»,-ըսաւ Մնացականեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment