Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի եւ Փութինի Միջեւ Հեռախօսազրոյց Կայացած է

Փաշինեանի եւ Փութինի Միջեւ Հեռախօսազրոյց Կայացած է

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ծննդեան տարեդարձի կապակցութեամբ: Այսօր տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փութինը քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթած է Փաշինեանին, ինչպէս նաեւ մաղթած է շուտափոյթ ապաքինում իրեն եւ իր ընտանիքի անդամներուն, կը հաղորդէ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փաշինեան եւ Փութինը մտքեր փոխանակած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետ կապուած իրավիճակին եւ հետագայ հնարաւոր զարգացումներուն շուրջ: Այս թեմայի շուրջ անոնք քննարկած են երկու երկիրներու առողջապահութեան նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հարցերը: Վլատիմիր Փութինը ընդգծած է համաճարակի դէմ պայքարին Հայաստանին աջակցելու Ռուսաստանի պատրաստակամութիւնը:

Հայաստանի վարչապետը եւ Ռուսաստանի նախագահը անդրադարձած են նաեւ Հայրենական Մեծ պատերազմի Յաղթանակի 75-ամեակին կապակցութեամբ այս տարուայ Յունիս 24-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք շքերթին: Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է այդ առիթով օրեր առաջ ստացած հրաւէրին համար: Ան յոյսով է, որ մինչ այդ ապաքինուած կ’ըլլայ եւ կը կարողանայ մասնակցիլ Յաղթանակի 75-ամեայ տարեդարձի կապակցութեամբ կայանալիք բոլոր միջոցառումներուն:

Հայաստանի վարչապետը այսօր դարձաւ 45 տարեկան: Վլատիմիր Փութինը նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նիկոլ Փաշինեանին:

Վարչապետը այսօր առաւօտեան Ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակումով յայտնեց, որ ինքը եւ ամբողջ ընտանիքը վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, հետազօտութեան արդիւնքը դրական է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment