Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Հաստատուած են «Քորոնա» Ժահրի 210 Նոր Դէպքեր

Հայաստանի Մէջ Հաստատուած են «Քորոնա» Ժահրի 210 Նոր Դէպքեր

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը աւելցած է 210-ով։ Հաստատուած դէպքերը արդէն կը մօտենան 10 հազարին, ընդհանուր 9492 վարակման դէպք, որմէ փաստացի բուժուողներն են 5896 ։

Առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, թէ Մայիս 31-ին, «Քորոնա» ժահրէն մահուան 8 դէպք գրանցուած է։ Մահացածները 63-էն 82 տարեկան էին: Անոնցմէ հինգը տղամարդ են, երեքը՝ կին: Բացառութեամբ մահացած կիներէն մէկէն, միւս բոլորը ունեցած են քրոնիքական հիւանդութիւններ:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը Հայաստան հասաւ արդէն 139-ի։

Առողջապահութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 16-ով եւ հասած է 3402-ի:

Ի դէպ, վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին, ամենաքիչ թիւով հետազօտութիւններ կատարուած են՝ 603: Առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, թէ պատճառը հանգստեան օրերն ու ընթացիկ աշխատանքներն են։

«Խնդիրն այն է եղել, որ որոշ տարրալուծարաններ, որոնք իրականացնում են հետազօտութիւնները, չեն աշխատել, կատարել են եզրափակիչ ախտահանումներ: Դա բացարձակ չի նշանակում, որ առաջիկայում թուերը նուազելու են եւ աճ չի լինելու: Չեմ ուզում, որ դա մարդկանց մօտ ընկալուի որպէս դէպքերու նուազում, դրական որեւէ վիճակագրութիւն : Նաեւ պէտք է հաշուի առնել, որ չորս օր եղել է ոչ աշխատանքային օր եւ այդ իսկ պատճառով դիմելիութիւնն աւելի քիչ է եղել», – ըսաւ Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment