Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Մէկ Օրուայ Ընթացքին Գրանցուած է Մահերու եւ Վարակուածներու Ցուցանշային Բարձր Թիւ. Դէպքերը Անցան 10 Հազարը

Հայաստան Մէկ Օրուայ Ընթացքին Գրանցուած է Մահերու եւ Վարակուածներու Ցուցանշային Բարձր Թիւ. Դէպքերը Անցան 10 Հազարը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ, «Քորոնա» ժահրի բռնկումէն ի վեր, նախորդ մէկ օրուայ մէջ գրանցուած է եւ՛ մահերու, եւ՛ վարակուածներու «ցուցանշային» բարձր թիւ։ Յունիս 1-ին հաստատուած է 517 նոր դէպք, արձանագրուած՝ 19 մահ։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ:

Մահացածներէն ամենաերիտասարդը 50-ամեայ կին եղած է, ամենատարեցը՝ 86-ամեայ կին։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նախորդ օրը արձանագրուած է նաեւ մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 56։ Այսպիսով՝ Մարտ մէկէն մինչ օրս Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 10009-ի եւ արձանագրուած` մահուան 158 դէպք։

«Այս պահին փաստացի բուժում ստանում են 6 հազար 368 հիւանդներ, եւ հետազօտութիւններու  առումով կարող եմ ասել, որ արդէն համարեայ հատում ենք 60 հազարի շեմը: Նախօրէին մենք կատարել ենք 1249 հետազօտութիւն»,- «Ազատութեան» յայտնեց առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment