Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 460-ով, Բուժուածներունը՝ 10-ով, Գրանցուած է Մահուան Եւս 7 Դէպք

«Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 460-ով, Բուժուածներունը՝ 10-ով, Գրանցուած է Մահուան Եւս 7 Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 460-ով՝ հասնելով 8676-ի, գրանցուած  է հիւանդութենէն մահուան եւս 7 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Կեդրոնի կայքի Մայիս 29-ի ժամը 11-ի սահմաններուն հրապարակուած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 10-ով եւ հասած է 3297-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 56042:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ թէ,- «Հիւանդները եղել են 72 (տղամարդ), 42 (կին), 59 (տղամարդ), 66 (տղամարդ), 65 (կին), 64 (տղամարդ), 56 (կին) տարեկան: Վերջինից բացի, մնացած բոլորն ունեցել են ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ: Նախորդ օրը արձանագրուել է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով»:

Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 120-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 45 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 5214 մարդ:

Նշենք, որ մինչեւ այժմ «Քորոնա» ժահրի նոր դէպքերու ամենամեծ թիւը մէկ օրուայ համար  452-ն էր, որ արձանագրուած էր Մայիս 24-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment