Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած է 79-ով, Բուժուածներունը՝ 34-ով, Գրանցուած Է Մահուան Դէպք մը Եւս

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած է 79-ով, Բուժուածներունը՝ 34-ով, Գրանցուած Է Մահուան Դէպք մը Եւս

by MassisPost

Հայաստանի մէջ, նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 79-ով՝ հասնելով 3 հազար 392-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան դէպք մը եւս, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:

Կեդրոնի պաշտօնական կայքի Մայիս 11-ի ժամը 11-ին հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 34-ով եւ հասած 1359-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 32 հազար 561:

Մահուան դէպքին վերաբերեալ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հիւանդը եղած է 69 տարեկան տղամարդ եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ: «Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով», – նաեւ ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 46-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 17 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 1970 մարդ:

Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ, ամէն օր Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 100-էն աւելի նոր դէպք արձանագրուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment