Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թուրքիան կը Դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Ընտրութիւններու Կայացումը

Թուրքիան կը Դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Ընտրութիւններու Կայացումը

by MassisPost

Պաշտօնական Անքարայի համոզումով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայանալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները «միջազգային իրաւունքի նորմերու աղաղակող ոտնահարում են»:

«Հայաստանի կողմէ գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղում մարտի 31-ին այսպէս կոչուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնների անցկացումը վկայում է Հայաստանի` ներկայիս անօրինական կացութիւնը միակողմանիօրէն օրինականացնելու փորձերի մասին», – նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ այսօր տարածուած յայտարարութեան մէջ, զոր մէջբերած է Hurriyet Daily News անգլիալեզու պարբերականը:

Ինչպէս նաեւ նշուած է «Թուրքիան չի ճանաչում այս անօրինական ընտրութիւնները, որոնց անցկացումը մէկ անգամ եւս կ’ոտնահարի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment