Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նիկոլ Փաշինեան. Վերին Լարսի Մէջ Առանձին Գօտի Կ’առանձնացուի Հայաստանի Բեռներուն Համար

Նիկոլ Փաշինեան. Վերին Լարսի Մէջ Առանձին Գօտի Կ’առանձնացուի Հայաստանի Բեռներուն Համար

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է արտահանմամբ եւ ներածմամբ զբաղող խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ, յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն:

Վարչապետը նշած է. – «Նախ ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել, որ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւնների, շարունակում էք աշխատել որքան հնարաւոր է բնականոն ձեւով: Ի հարկէ, այս ժամանակահատուածում մենք խնդիր ունենք համակարգել մեր գործողութիւններն ու առաւելագոյնը լաւ պայմաններ ապահովել մեր երկրից արտահանումների եւ դէպի մեր երկիր ներդրումների համար: Ես կարող եմ ասել, որ վերջին օրերին աշխատել ենք Վրաստանի եւ Ռուսաստանի մեր գործընկերների հետ եւ երէկ պայմանաւորուածութիւն ենք ձեռք բերել, որ եւ՛ Վրաստանը, եւ՛ Ռուսաստանը կ’ապահովեն, այսպէս ասած, «կանաչ գօտի» ԵԱՏՄ(Եւրոասիական տնտեսական միութիւն) բեռների համար, այսինքն՝ Վրաստանի տարածքով եւ Վերին Լարսում առանձին գօտի կ’առանձնացուի, ըստ էութեան, Հայաստանի բեռների համար: Ի հարկէ, քաղաքական մակարդակում պայմանաւորուածութիւնը՝ պայմանաւորուածութիւն, բայց պէտք է դա դեռ իրականութիւն դարձնել եւ կեանքի կոչել:

Նաեւ քանի որ այժմ ՌԴ-ում տարբեր սահմանափակումներ մտցնելու արագ որոշումներ են կայացուում, եւ դա կարող է որոշակի խուճապային տրամադրութիւններ առաջացնել Հայաստանում, սպառողների շրջանում մասնաւորապէս, շատ կարեւոր է արձանագրել, որ մենք պայմանաւորուածութիւն ենք ձեռք բերել, որ, ըստ էութեան, սահմանափակումները, որոնց մասին կը յայտարարուի, չեն վերաբերելու ԵԱՏՄ-ին կամ առնուազն Հայաստանին»:

Վարչապետն ընդգծած է, որ վերը նշուած պայմանաւորուածութիւնը յստակ է եւ վերջնական: Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ նկատի առնելով ապրանքային մատակարարման խնդիրը, Ռուսաստանի գործընկերներն ալ շահագրգռուած են, որպէսզի իրենց ապրանքները մատակարարուին բնականոն հունով:

Փաշինեան նշած է, որ ապրանքներու բաւական պաշարներ ունինք: «Նաեւ պէտք է հասկանանք, թէ այս շրջանում արտահանման եւ ներմուծման հետ կապուած խնդիրներն ինչպէս ենք համակարգում, որպէսզի այն պայմանաւորուածութիւնները, որ Ռուսաստանի եւ Վրաստանի քաղաքական ղեկավարութեան հետ ունեցել ենք, բնականոն ձեւով իրագործուեն»:

Այնուհետեւ տնտեսվարողները ներկայացուցած են արտահանման եւ ներմուծման կապակցութեամբ յառաջացած խնդիրներն ու դժուարութիւնները, անոնց լուծման առաջարկութիւններով: Անհրաժեշտ պարզաբանումներ ներկայացուցած են Էքոնոմիքայի (տնտեսութեան) նախարար Տիգրան Խաչատրեանն ու Պետական եկամուտների կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Անանեան:

Վարչապետը տնտեսութեան նախարարին յանձնարարած է, ներկայացնել գործարարներու հետ միշտ կապի մէջ մնալու գործելակերպ, արագացնելու վերջիններուն խնդիրները ու գտնել լուծումներ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ նկատի առնելով արտարժութային եւ լոգիստիկ խնդիրները, կառավարութիւնը հաստատած է «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներու չէզոքացման հակաճգնաժամային միջոցառումներու քանի մը ծրագիրներ, որոնցմով կը կիսուին տնտեսվարողներու վտանգները, տրամադրելով արտօնեալ, անոր կարգին, զէրոյական տոկոսով վարկային միջոցներ:

«Մեր քաղաքական կամքն այն է, որ ինչով կարողանանք՝ տնտեսվարողներին աջակցենք»,- ընդգծած է վարչապետը, կարեւորելով այնպիսի գործելակերպերու ներդրումը, որոնք թոյլ կու տան պետութեան եւ մասնաւոր հատուածին, ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ գործել արագ եւ արդիւնաւէտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment