Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հեղեղներուն Պատճառով Վենետիկի Սուրբ Ղազար Կղզիի Տարածքները Ջուրով Լեցուած Են

Հեղեղներուն Պատճառով Վենետիկի Սուրբ Ղազար Կղզիի Տարածքները Ջուրով Լեցուած Են

by MassisPost

Մխիթարեան միաբանութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք անմիջապէս արձագանգած են եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի աղէտալի վիճակի հետեւանքները վերացնելու գործին:

«Շատերը, մեր զաւակները, մտերիմները, բարեկամները, ընկերները իրենց աջակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը յայտնած են այս գործին: Կը տեղեկացնենք, որ տեղական ուժերով արդէն կարողացանք կազմակերպել մայրավանքի ներքնայարկի ջուրով լեցուած տարածքներու մաքրութիւնը եւ դասաւորումը։ Օժանդակելու համար մայրավանքի աղէտի հետեւանքները վերացնելու գործին  հայրենակիցները կրնան իրենց նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ հաշուեհամարին՝ CONGREGAZIONE ARMENA MECHITARISTA,  IBAN: IT79 H030 6909 6061 0000 0007 086,  BIC: BCITITMM», Ֆէյսպուքի իր էջին գրառում կատարած է Մխիթարեան միաբան Հայր Համազասպ Քէշիշեանը:

st lazarus-1

Իտալիոյ կառավարութիւնը Նոյեմբեր 14-ին արտակարգ դրութեան ռեժիմ սահմանած է Վենետիկի մէջ սաստիկ հեղեղման պատճառով: Հեղեղման ընթացքին ջուրի տակ անցած է Վենետիկի Սան Մարքոյի հրապարակը՝ քաղաքի գլխաւոր տեսարժան վայրերէն մէկը, բազմաթիւ կառոյցներ, շինութիւններ:

Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի մատենադարանը, պատկերասրահը, ձեռագրատունը եւ դիւանը, բարեբախտաբար, չեն տուժած, սակայն գետնայարկի բոլոր սենեակները ողողուել են լճակի տղմոտ ջուրով, ջուրը լեցուած է նաեւ սեղանատուն: «Եկեղեցին եւս հեղեղուած է կէս մեթր ջուրով: Վնասուած են որոշ եկեղեցական զգեստներ եւ ձեռագործ զարդարանքներ ու գորգեր: Միայն առաւօտեան պարզ դարձած է, որ հարաւային հատուածին մէջ պարսպապատը քանդուած է: Վնասուած է նաեւ վանքի ծովախորշը կայանած «Արմենիա» առագաստանաւը»,-յայտնած էր Հայր Համազասպ Քէշիշեանը:

st lazarus-3

st lazarus-4

st lazarus-5

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment