Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Վարիչ Մարմնի Հանդիպումը ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի Հետ

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Վարիչ Մարմնի Հանդիպումը ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի Հետ

by MassisPost

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանին մէջ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի նորընտիր Վարիչ Մարմինը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին դոկտ. Բայբուրդեան շնորհաւորեց նորընտիր Վարիչ Մարմինը եւ բարձր գնահատեց ՍԴՀԿ-ի հետ սերտ համագործակցութիւնը ի մասնաւորի շեշտելով կուսակցութեան ներդրումը՝ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս այցելութեան կազմակերպման եւ յաջողութեան։

Հիւպատոս Բայբուրդեան անդրադարձաւ Լոս Անճելըսահայութեան ներուժը համախմբելու ու զայն ի սպաս Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ուղղելու կարեւորութեան: Ան նաեւ ներկայացուց Հայաստան մէջ տեղի ունեցած դրական զարգացումները եւ  ներկայացուց Հիւպատոսութեան ծրագիրները, որոնք նախատեսուած են յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին։

Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչները բարձր գնահատեցին համայնքի կազմակերպութիւններուն եւ Հիւպատոսութեան միջեւ կապերու նկատելի սերտացումը ու վերահաստատեցին Կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը այսուհետեւ եւս աջակցելու եւ օժանդակելու ՀՀ հիւպատոսութեան ծրագիրներուն:

ՍԴՀԿ  Վարիչ մարմնի կողմէ հանդիպման ներկայ էին՝ Վազգէն Խոտանեան, Գաբրիէլ Մոլոյեան, Լենա Մանուկեան, Տիրան Ճերեճեան, Վահէ Աջապահեան, Կարինէ Տեբոյեան, Վարդան Քորողլեան, Միհրան Խաչատուրեան եւ Ռուբէն Մուղալեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment