Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանը Ուաշինկթընի Մէջ «Ամօթալի Քայլ» Որակած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունումը

Էրտողանը Ուաշինկթընի Մէջ «Ամօթալի Քայլ» Որակած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունումը

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան ընդունուած բանաձեւը ամօթալի քայլ էր, Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը, յոյս յայտնելով, որ ամերիկեան Ծերակոյտը «այդ սխալը չի կրկներ»:

«Մենք չենք ներքաշուիր այն խաղի մէջ, որու հեղինակները կ’ուզեն քայքայել թուրք-ամերիկեան կապերը», – ընդգծած է Ռեճէջպ Էրտողանը` կրկնելով Թուրքիոյ ժխտողական դիրքորոշումը․ – «Պատմական որոշ իրադարձութիւններ եւ մեղադրանքներ կ’օգտագործուին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները փշրելու համար: Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած փաստաթուղթերը այդ նպատակին կը ծառայէին եւ խոր վիրաւորանք հասցուցին թուրք ժողովուրդին: Հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքերու վերաբերեալ ոչ թէ քաղաքական գործիչները, այլ պատմաբանները պէտք է որոշում կայացնեն: Մենք թաքցնելու ոչինչ ունինք եւ հայկական կողմին առաջարկած ենք փոխադարձաբար բանալ արխիւներն ու պատմական յանձնաժողով ստեղծել: Յոյսով եմ՝ Ծերակոյտը դուրս կը բերէ Ամերիկան այս սխալ ճանապարհէն»:

Սպիտակ տան ղեկավար Տանըլտ Թրամփը Հայոց ցեղասպանութեանն ու այն ճանչցող քոնկրէսական բանաձեւին որեւէ կերպ չէ անդրադարձած: Ժամեր անց, սակայն, պարզ դարձած է, որ անոր աջակցող ծերակոյտներէն մէկը` Լինտսի Կրահամը, արգելափակած է նոյնաբովանդակ փաստաթուղթի ընդունումը օրէնսդիր մարմնի վերին պալատի` Ծերակոյտի կողմէ:

Փաստաթուղթը շրջանառութեան մէջ դրած էր Նիւ Ճըրսիէն ընտրուած Ռոպերթ Մենենտեսը` կոչ ընելով անմիջապէս անցնիլ քուէարկութեան` առանց յաւելեալ քննարկումներու: «Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ազնուօրէն արտացոլէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ու ցեղասպանութիւններու փաստերը», – յայտարարած էր հայամէտ ծերակուտականը:

Հարաւային Քարոլինայէն ընտրուած Լինտսի Կրահամը առարկած էր` պնդելով, թէ ծերակուտականները պէտք չէ գունազարդեն պատմութիւնը կամ փորձեն այն վերստին գրել:

Անկէ ժամեր առաջ Կրահամը հանրապետական շարք մը այլ ծերակուտականներու հետ մասնակցած էր նախագահներ Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ Սպիտակ տան մէջ կայացած հանդիպման: «Յոյսով եմ, որ Թուրքիան ու Հայաստանը կրնան միասին յաղթահարել այս խնդիրը», – յայտարարած էր ան:

Ի դէպ, Ամերիկա բնակող հայերը` հարիւրաւոր քիւրտերու եւ յոյներու հետ, բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Սպիտակ տան մերձակայքը` «Էրտողանն ահաբեկիչ է, մարդասպան, ո՛չ ցեղասպանութեան» կարգախօսներով:

Ի տարբերութիւն ցուցարարներուն՝ Սպիտակ տան ղեկավարը ջերմ ընդունելութեան արժանացուցած էր Էրտողանը:

«Մենք շատ հիասքանչ ու արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցանք», – դռնփակ բանակցութիւններէն ետք յայտարարած էր Թրամփ, աւելցնելով` ինքը նախագահ Էրտողանի մեծ երկրպագուներէն է, եւ իրենք ընկերներ են ծանօթութեան առաջին օրէն:

Համատեղ ասուլիսի ժամանակ ԱՄՆ նախագահը պնդած էր, թէ իրենք կրնան յաղթահարել երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ առկայ բազմաթիւ տարաձայնութիւնները, սակայն չէր մանրամասնած` երբ եւ ինչպէս:

«Ռուսական ժամանակակից զինատեսակները, այդ շարքին՝ S-400-ները ձեռք բերելու Թուրքիոյ գործարքը շատ լուրջ մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ մեզի համար, մենք շարունակաբար կը խօսինք այդ մասին: Խօսած ենք այսօր, կը խօսինք նաեւ ապագային: Յոյս ունիմ՝ մենք կը կարողանանք կարգաւորել այս հարցը», – Թրամփի այս խօսքերը լուրջ քննադատութեան առիթ դարձած են, ընդ որում՝ ոչ միայն ընդդիմախօս դեմոկրատներու, այլեւ՝ կուսակից որոշ հանրապետականներու կողմէ:

Էրտողանը Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալելը բացարձակ ամօթ էր, յայտարարած են դեմոկրատ ծերակուտականները, հանրապետական Միթ Ռոմնին աւելցուցած է․ – «Այցի ժամանակը շատ անբարենպաստ էր, ես կը ցանկայի, որ Թուրքիան մինչ այդ ընդունէր մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքները, հրաժարէր ռուսական զէնքերու ձեռքբերումէն ու դառնար ՆԱԹՕ-ի աւելի յուսալի գործընկեր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment