Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրով. Առանց ԼՂ Ժողովուրդի Համաձայնութեան Որեւէ Պայմանաւորուածութիւն Հնարաւոր Չըլլար Ձեւակերպել

Լաւրով. Առանց ԼՂ Ժողովուրդի Համաձայնութեան Որեւէ Պայմանաւորուածութիւն Հնարաւոր Չըլլար Ձեւակերպել

by MassisPost

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք առաջին անգամ Հայաստան ժամանած Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած է:

«Առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համաձայնութեան, որեւէ պայմանաւորուածութիւն հնարաւոր չըլլար ձեւակերպել», – յայտարարած է Լաւրովը՝ աւելցնելով, թէ Հայաստանը պարզապէս այն չի ստորագրեր:

Լաւրովն ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը լրագրողներու հետ հանդիպած են բանակցութիւններէն ետք, որոնք Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը որակած է որպէս «շատ գոհացուցիչ»:

Ի դէպ, արձագանգելով հարցին, թէ Մոսկուան ինչպէս կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու մասին Երեւանի առաջարկին՝ Սերկէյ Լաւրովը յիշած է, որ Հայաստանի նախկին նախագահներէն մէկու ջանքերու շնորհիւ էր, որ Ստեփանակերտը դուրս մնաց բանակցութիւններէն:

Լաւրովը, փաստօրէն, ակնարկեց Ռոպերթ Քոչարեանինգ – «[Ղարաբաղեան հիմնախնդրի շուրջ] Բանակցութիւններու մասնակիցներու կազմը պէտք է համաձայնեցնեն ու սահմանեն իրենք՝ բանակցութիւններու կողմերը: Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ տարուող քննարկումներու, յետագային՝ բանակցութիւններու վաղ շրջանին, երբ դադրեցուեցան ռազմական գործողութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղը համապատասխան պայմանաւորուածութիւններու ու բանակցութիւններու մասնակից էր, որոնք յաջորդեցին կրակի դադարեցման: Ինչ-որ փուլի Հայաստանի ղեկավարութիւնը, նախկին նախագահներէն մէկը որոշում կայացուց, որ Ղարաբաղի շահերը պիտի ներկայացնէ Երեւանը: Ցանկացած պարագայի մենք, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, առաջ մղելով այս գործընթացըª կրնանք միայն հետամուտ ըլլալ, որ այն ընդհանուր համաձայնութեան հունով երթայ: Բոլորին համար հասկնալի է, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի, բնակչութեան համաձայնութեան, որեւէ պայմանաւորուածութիւն հնարաւոր չըլլար ձեւակերպել: Հայաստանը պարզապէս այն չի ստորագրեր: Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի մասին՝ կ’ուզեմ նշել այն, ինչ այսօր մեր հանդիպման ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան յիշեցուց իր հրապարակային յայտարարութիւնը, թէ եզրափակիչ պայմանաւորուածութիւնները պէտք է հաշուի առնեն ե՜ւ Հայաստանի, ե՜ւՂարաբաղի, ե՜ւ Ատրպէյճանի շահերը: Դժուար է վիճել այս մօտեցման հետ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment