Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները սպանած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետ Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոեանն ու անոր հայրը` Տէր Աբրահամ քահանայ Պետոսեանը:
Անոնք սպանուած են մեքենայով Տէր Զօր ուղեւորուելու ճանապարհին: Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է հովուապետի մանկութեան ընկեր Յակոբ սարկաւագ Պարսումեանը, ահաբեկիչները կրակ բացած են անոնց մեքենայի ուղղութեամբ:
Սարկաւագը ըսած է, որ հովուապետը ծնած եւ մեծցած է Սուրիոյ մէջ, Հայաստանի մէջ ձեռնադրուելէ ետք վերադարձած եւ ծառայութիւնը շարունակած է Սուրիոյ մէջ:
Ան նաեւ պատմած է, որ մեծ պայթում տեղի ունեցած է Գամիշլիի մէջ£ Assosiated press-ի հաղորդմամբ, ընդհանուր 3 պայթում որոտացած է, զոհերու թիւը ութն է, անոնց մէջ հայեր չկան:
Սարկաւագը շեշտած է, որ այս պայթումներն ու սպանութիւնը իրար հետ կապ չունին:
Սուրիոյ մէջ ՀՀ նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փօլատեանն ալ յայտնած է, որ Տէր Զորը բաւականին հեռու է Գամիշլիէն եւ չի գտնուիր Փութինի ու Էրտողանի ձեռքբերած պայմանաւորուածութեան արդիւնքով ստեղծուած անվտանգութեան գօտիի տարածքին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ Թուրքիան մէկ անգամ չէ, որ խախտած է այդ պայմանաւորուածութիւնը:
Յիշեցնենք, որ 9 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը յայտնած էր, որ թրքական զինուժը, Ազատ սուրիական բանակի հետ միասին Սուրիոյ հիւսիսը սկսած են ՚Խաղաղութեան ակունքՙ գործողութիւնը PKK/YPG-ի եւ Իսլամական պետութեան ահաբեկիչներու դէմ: