Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Յոբելենական Համերգ Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150 Ամեակին

Յոբելենական Համերգ Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150 Ամեակին

by MassisPost

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի «Զուարթնոց» Մշակութային Յանձնախումբը կը ներկայացնէ յոբելենական համերգ՝ նուիրուած երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար, ազգագրագէտ եւ երաժշտահաւաք մեծն Կոմիտաս Վարդապետի 150 ամեակին։

Բացառիկ այս համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2019ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Առաջնորդանիստ Սբ․ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս (3325 North Glenoaks Boulevard, Burbank, CA 91504):

Ելոյթ պիտի ունենայ հեղինակաւոր «Կրամմի» մրցանակի ներկայացուած սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան՝ ընկերակցութեամբ երաժիշտներու Լոս Անճելըսէն, Ֆրեզնոյէն եւ Գալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարայի համալսարանէն։ Պիտի նուագակցի Ֆրեզնոյի Coro Vox Aeterna նուագախումբը՝ խմբավարութեամբ Աննա Հեյմերի։

Հայ արդի երաժշտական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150 ամեակին նուիրուած այս ընդգրկուն համերգը պիտի ներառէ զանազան ստեղծագործութիւններ։ Նշենք, որ այս տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕն եւս մեծ շուքով տօնախմբեց Կոմիտասի 150 ամեակը։

Պիտի հնչեն նոր եկեղեցական եւ աշխարհիկ մշակումներ երգչախմբի եւ սոփրանօի համար դաշնաւորմամբ, մանկական երգերու եւ աղօթքներու փունջ մը՝ սրնգի, տաւղի եւ սոփրանօի համար դաշնաւորմամբ, ինչպէս նաեւ ժողովրդական երգեր՝ սոփրանօի եւ լարային քառեակի համար դաշնաւորմամբ։ Lively Arts հիմնադրամի եւ Պայրաքտարեանի գլխաւոր նպատակը այս համերգին միջոցաւ ներկայացնել Կոմիտասի համամարդկային արժէքն ու մեծութիւնը, որ հոգիներ կը թափանցէ, սրտեր եւ մտքեր կը զմայլի, եւ կը կամրջէ անցեալն ու ապագան։

Տոմսակներուն արժէքներն են՝ 35.00, 50.00, 100.00 տոլար։ Զանոնք կրնաք ապահովել՝ հեռաձայնելով 818-558-7474 X 0.

ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱՔՏԱՐԵԱՆ
Ամէն մէկ օփերային մեներգչուհի չէ, որ կրնայ պարծենալ կենսաբժշկութեան մարզէն ներս պսակաւոր գիտութեան տիտղոսով վկայուած ըլլալուն համար։ Եւ յիրաւի, Իզապէլ Պայրաքտարեան պարզ մեներգչուհի մը չէ։ Երաժշտական գործունէութեան երկրոդ տասնամեակը տակաւին չբոլորած՝ մեներգչուհին սպասուած հիւր է աշխարհի լաւագոյն օփերային դահլիճներէն ներս թէ՛ իր վայելուչ ներկայութեան, թէ՛ ոճի եւ թէ՛ իր երփներանգ ձայնին համար, որ այնքան ներդաշնակ է իր արտաքին տեսքին եւ ներաշխարհին։

«Մեթրոփոլիթըն» օփերայի Ազգային Խորհուրդի լսումներու դափնեկիր Իզապէլ Պայրաքտարեան նոյն տարին քաջալաւ յառաջդիմութեամբ եւ պատուոյ գնահատականներով շրջանաւարտ կ՛ըլլայ Թորոնթոյի համալսարանէն՝ կենսաբժշկութեան պսակաւոր գիտութեան տիտղոսով։ Այնուհետեւ, յաջողութիւններու շարքը կը յաջորդէ մէկը միւսին։ Բացառիկ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ Շիքակօի Երգի Թատրոնին մէջ՝ Ուիլիամ Բալքոմի «Տեսարան Կամուրջէն» ներկայացմամբ։ Յաջորդ տարի, ան կ՛արժանանայ Փլասիտօ Տոմինկօի նշանաւոր “Operalia” մրցանակաբաշխութեան առաջին կարգի մրացանակին։ Պայրաքտարեան ելոյթներով հանդէս եկաւ նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի, Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» եւ Թորոնթոյի «Գանատական Օփերային Ընկերութեան» բեմերուն վրայ։

Օփերան, սակայն, Պայրաքտարեանի կենսագրութեան միայն մէկ էջն է։ Ան յաճախ ելոյթներ ունեցած է սիմֆոնիք նուագախմբերու հետ աշխարհի նշանաւոր խմբավարներու ղեկավարութեամբ, ինչպիսիք են՝ Սէյժի Օզաուան, Ճէյմս Քանլըն, Տայվիտ Զինմըն, Մայքըլ Թիլսըն Թոմըս, Նիքոլաս Մըք-Կիկըն, Ճէյմս Լիւայն եւ Ալան Կիլպըրթ։

Այն, որ իր ձայնը տեղ գտած է «Կրամմի» մրցանակի արժանացած «Մատանիներու Տիրակալը» եւ Ատոմ էկոյեանի «Արարատ» երկու ճանաչուած ֆիլմերու մէջ կը փաստէ Պայրաքտարեանի բազմաոճ արուեստագէտ ըլլալը։ «Թրանս» ելեկտրոնային երաժշտութիւն ոճի մէջ յաջող համագործակցութիւնը «Տիլերիում» խումբին հետ առիթ դարձաւ, որ Պայրաքտարեան անգամ մը եւս ներկայացուի «Կրամմի» մրցանակին։ Անոր երգերը տեղ գտած են նաեւ BBCի նկարահանած կարճամեթրաժ «Հոլոքոսթ» եւ Գանատական «Կիմինի» մրցանակին ներկայացուած իր իսկ հեղինակած «Երկար Ճամբորդութիւն Դէպի Տուն» ֆիլմին, որ կը փաստագրէ հեղինակին առաջին այցելութիւնը դէպի հայրենիք՝ Հայաստան։

Պայրաքտարեան չորս հերթական անգամ շահած է Գանատական «Ճունօ» մրցանակը՝ լաւագոյն դասական հաւաքածոյ անուանակարգին մէջ, իսկ իր վերջին՝ «Մայր Լուսոյ» ձայնագրութիւնը ներկայացուած էր 2018ի մրցանակաբաշխութեան։ Զանազան պատուոյ տիտղոսներու արժանացած է Պայրաքտարեան, ներառեալ՝ Մարիլին Հօրըն Հիմնադրամի մրցանակաբաշխութեան, Անգլիոյ Թագուհի Էլիզապէթ Բ «Ոսկէ Յոբելեան» եւ «Ադամանդէ Յոբելեան» մրցանակները, Թորոնթոյի համալասարանի «Արպօր» մրցանակը, Ճորճ Լոնտոն Հիմնադրամի մրցանակը, Գանատայի Խորհուրդի «Վըրճինիա Փարքըր» մրցանակը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան «Կոմիտաս» շքանշանը։ Վերջերս, Պայրաքտարեան արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւն է մշակոյթի գործիչներուն վերապահուած։

Ստացած է պատույ դոկտորի աստիճան Գանատայի «Ուիլֆրիտ Լորիէր» համալսարանէն, պատուոյ գնահատանք Արքայական Երաժշտանոցի կողմէ։

Պայրաքտարեան կը դասաւանդէ Գալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարա Համալսարանէն ներս՝ որպէս պաշտօնակից փրոֆեսոր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment