Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեղադրանք Առաջադրուած է Ազգային Ժողովի Նախկին Նախագահ Արա Բաբլոյեանին

Մեղադրանք Առաջադրուած է Ազգային Ժողովի Նախկին Նախագահ Արա Բաբլոյեանին

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը մեղադրանք առաջադրած է Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Արա Բաբլոյեանին, այս մասին «Ազատութեան» փոխանցած է իշխանութեան իւրացման յօդուածով յարուցուած քրէական գործը քննող Յատուկ քննչական ծառայութեան խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

Բաբլոյեանին մեղադրանք առաջադրուած է երկու՝ պաշտօնէական կեղծիք եւ իշխանութիւնը իւրացնելու յօդուածներով։ Խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին։ Աւելի վաղ ԱԺ նախկին նախագահը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պնդած էր՝ կեղծիք թոյլ չէ տուած:

Անցեալ շաբաթ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը քրէական գործ յարուցեց անկախ պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի դիմումի հիման վրայ՝ իշխանութիւնը իւրացնելու յօդուածով։ Այս գործով մեղադրեալ է նաեւ ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալ Արսէն Պապայեանը: Պապայեանը մեղադրանքը չընդունիր, անցած շաբաթուընէ կալանքի տակ է։

Պատգամաւոր Պապաճանեանը կը պնդէ, որ 2018-ին ՀՀԿ պատգամաւոր Հրայր Թովմասեանը իւրացուցած է Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնը յանցաւոր սխեմաներ կիրառելով։ ՅՔԾ ծաւալուն հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ 2018-ին նախկին պաշտօնեաները այնպէս ըրած են, որ ԱԺ նախկին նախագահ Արա Բաբլոյեանը յայտարարէ ՍԴ նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի մասին այն ժամանակ, երբ դեռ այդ հրաժարականը չէ եղած, ինչէն ետք ալ արդէն խորհրդարանը հին՝ 2005-ի Սահմանադրութեամբ՝ Մարտ 21-ին Թովմասեանը նշանակած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ: Թովմասեանը հին սահմանադրութեամբ ընտրած են, որպէսզի ան կարողանայ պաշտօնավարել մինչեւ 70 տարեկան, նորի պարագային ան կը պաշտօնավարէր միայն վեց տարի:

Ըստ ՅՔԾ-ի, Մարտ 1-ին ստորագրած հրաժարականի մասին դիմումը ԱԺ հասած է Մարտ 5-ին, բայց Արա Բաբլոյեանը դեռ Մարտ 2-ին արդէն յայտարարած է Գագիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment