Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան եւ Փութին Երկրորդ Հանդիպում Ունեցած են «Զուարթնոց» Օդակայանին Մէջ

Փաշինեան եւ Փութին Երկրորդ Հանդիպում Ունեցած են «Զուարթնոց» Օդակայանին Մէջ

by MassisPost

Եւրասիական տնտեսական միութեան գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած Վլատիմիր Փութինի հետ Նիկոլ Փաշինեանը նախ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է գագաթնաժողովի աւարտին, ապա՝ մէկուկէս ժամանոց հանդիպում «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, Հայաստանէն Ռուսաստանի նախագահի մեկնելէն առաջ:

«Օդանաւակայանում ՌԴ նախագահի հետ մեր ունեցած մանրամասն զրոյցը կարծում եմ նոր խթան կը տայ հայ-ռուսական յարաբերութիւններին», – Ֆէյսպուքի մէջ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Որպէս յետգրութիւն՝ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը նշած է․ – «ՌԴ նախագահի հետ երէկ կայացած մեր երկու հանդիպումները՝ պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական, մէկը միւսի տրամաբանական շարունակութիւնն էին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment